Ինծի Համար Առաջնայինը Սահմանն է. Շուշան Պետրոսեան

Հայկական շատ երգեր կան, որոնք դեռ չեմ հասցուցած երգել: Artsakhpress.am-ի հետ ունեցած բացառիկ զրոյցի մը ընթացքին՝ այս մասին ըսած է ՀՀ վաստակաւոր արտիստ, երգչուհի, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Շուշան Պետրոսեան` նշելով, որ այդ երգերէն մէկը Արթուր Գրիգորեանի «Արցախ» երգն է, որուն բազում կատարողներ կան, բայց ինքը պիտի ուզէր զայն իր ձեւով ներկայացնել:

«Մարտակերտի, Մարտունիի մասին երգեր ունիմ, կը փափաքէի Հադրութի եւ Ակնայի մասին եւս ունենալ: Ինծի համար առաջնայինը սահմանն է. չէ՞ որ ամէն ինչ կը սկսի սահմանէն: Ինծի համար պատիւ է ըլլալ առաջնագծի վրայ` սահմանը անառիկ պահող զինուորներու կողքին»,- ըսած է Շ. Պետրոսեան:

Խօսելով յառաջիկայ ծրագրերուն մասին` Շ. Պետրոսեան ըսած է, որ կ՝աշխատի «Ծննդավայրս իմ աչքերով» խորագիրը կրող նախագիծին վրայ, բայց դեռ փակագիծերը չ՝ուզեր բանալ:

«Կ՝ընեմ հնարաւոր ամէն ինչ, որ Արցախի մէջ երիտասարդներուն կեանքը ալ աւելի աշխուժանայ: Մարտակերտի հետ յատուկ ձեւով կապուած եմ: Երբ Մարտակերտի մէջ շարժանկար-թատերասրահ բացինք, դիմեցի Պաշտպանութեան նախարարութեան, որպէսզի ամէն Կիրակի զինուորներուն համար շարժանկարի ցուցադրութիւն կազմակերպուի եւ ցանկալի է, որ ֆիլմերը անպայման «Օսքար»-ի արժանացած ըլլան: Իմ նախնական բոլոր ծրագրերը կ՝իրագործուին Մարտակերտի մէջ, այնուհետեւ կը տարածուին ողջ Արցախով մէկ»,- ըսած է Շ. Պետրոսեան եւ նշած, որ Մարտունիի մէջ եւս շարժանկար-թատերասրահ բացած է, որ ունի հարուստ ֆիլմադարան:

Ըստ երգչուհիին` Ազգային ժողովի պատգամաւորի իր առաքելութիւնը կը տեսնէ հայ ազգային մշակութային հիմնահարցերու լուծման ուղղուած առաջարկներու ներկայացման մէջ:

«Ես կը կարծեմ, որ հայկական երգարուեստը իւրօրինակ զէնք է: Միջնադարէն սկսեալ ցայսօր մենք պայքարած ենք նաեւ երգով: Միջնադարեան երգեր ունինք, որոնք դեռ վերծանուած ու երգուած չեն. պէտք է ի լուր աշխարհի ներկայացնենք այդ աստուածային մեղեդիները: Կարեւոր է նաեւ այլ ազգերու մշակոյթներու ազդեցութիւններուն տակ չ՝իյնանք: Մեծ ցաւ կ՝ապրիմ, երբ մեքենայէն կը լսեմ թրքական պայաթու ելեւէջներ կամ անճաշակ երգեր: Մենք պիտի ամէնուր տարածենք մեր ազգային երաժշտութիւնը` անոր գոյնը, համն ու հոտը»,- աւելցուցած է Շ. Պետրոսեան:

Scroll Up