Արցախի Նախագահի Մամլոյ Բանբեր Դաւիթ Բաբայեանի Հանդիպումը Լիբանանահայ Կուսակցական Եւ Միութենական Պաշտօնաթերթերու Գլխաւոր Խմբագիրներու Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան երէկ` հինգշաբթի, 13 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, «Ազդակ»-ի «Չաղլասեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ կուսակցական եւ միութենական պաշտօնաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներու հետ:

Հանդիպումին նպատակին անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ դիտել տուաւ, թէ Արցախի նախագահական բանբերին ներկայութիւնը կարեւոր առիթ է արցախեան իրադարձութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն դերակատարութեան քննարկումը կատարելու եւ անդրադառնալու այն ուղղութիւններուն, զորս անհրաժեշտ է որդեգրել:

Դաւիթ Բաբայեանի հետ զրոյցին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան Արցախը յուզող տարբեր հարցեր, արտաքին ու ներքին ճակատի վրայ տեղի ունեցած եւ ունեցող իրադարձութիւններ, անոնց դրական ու ժխտական անդրադարձը արցախեան տագնապին վրայ, ինչպէս նաեւ յատուկ կերպով շեշտը դրուեցաւ լրատուամիջոցներուն դերակատարութեան վրայ, որ շատ կարեւոր է, եւ որ կրնայ ըլլալ շատ օգտաշատ կամ բոլորովին վնասակար:

Լրագրողներուն մտահոգութեան եւ ուշադրութեան առանցքն էր նաեւ բանակը, զոհուող եւ նահատակուելու պատրաստ զինուորները. Բաբայեան հաստատեց, որ թէեւ փորձ կը կատարուի ստեղծելու այն տրամադրութիւնը, որ ապրիլեան պատերազմի ատեն բանակը անհրաժեշտ չափով պատրաստ չէր, սակայն իրականութիւնը այլ է, որովհետեւ զինուորական այդ կառոյցը ատակ էր կասեցնելու սրընթաց յարձակում մը: Անոր համաձայն, ապրիլեան պատերազմը եկաւ ցոյց տալու, որ ռազմական դաշտին վրայ պայքարի նոր ձեւեր կան, նոր սպառազինութիւն, նաեւ գաղափարախօսական առումով կան տարբերութիւններ արցախեան ազատագրական պայքարին հետ բաղդատելով: Այս բոլորին լոյսին տակ արդէն իսկ անհրաժեշտ քայլերուն դիմուած է, որպէսզի կարելի ըլլայ ամէն ձեւով պահպանել Արցախն ու անոր սահմանները:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերը հաստատեց, որ սփիւռքի հայութիւնը եւս շատ կարեւոր է Արցախի համար, իսկ լրատուամիջոցները ունին առանցքային դերակատարութիւն: Անոր համաձայն, յատկապէս ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդող փուլին շատ զգալի էր սփիւռքահայութեան  եւ մամուլին ներկայութիւնը Արցախի կողքին:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ արցախեան տագնապի լուծման վերաբերող բանակցութիւններուն պարզած պատկերին, ապագայի հեռանկարներուն, ներկայիս սահմանին վրայ տիրող կացութեան եւ միջազգային մակարդակի վրայ պահուող լռութեան, որ կրնայ յուշել, թէ մօտիկ ապագային յատկանշական զարգացումներ ակնկալելի չեն:

Scroll Up