Իրանի Դեսպանը Կանչած Են Ատրպէյճանի ԱԳՆ` Շուշիի Մզկիթին Պատճառով

Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանը կանչուած է ԱԳՆ` Շուշիի մէջ իրանական պատմա-մշակութային յուշարձանի` «Վերին մզկիթի» շրջանին մէջ հնագիտական պեղումներուն իրանցի հնագէտներու խումբի մը մասնակցութեան առնչութեամբ:

Ատրպէյճանական ԱԳՆ ներկայացուցիչ Հիքմեթ Կաճիեւի խօսքերով` «Մզկիթի վերականգնման քօղի ներքոյ հայկական կողմը կը փորձէ ոչնչացնել ատոր ատրպէյճանական ծագման մասին վկայող բոլոր տարրերը»,  կը փոխանցէArmedia-ն:

Շուշիի մզկիթը մշտապէս բաց  եղած է պատմաբաններու, հնագէտներու եւ այլ մասնագէտներու համար: Իսկ մզկիթի իրանական մշակութային կոթող ըլլալուն հարցով կրնան  կասկածիլ միայն ատրպէյճանցի մասնագէտները, սակայն ատիկա Ատրպէյճանի եւ Իրանի պարզաբանելու թեման է…

Նշենք, որ Շուշիի մէջ գտնուող իրանական «Վերին մզկիթ» յուշարձանի տարածքին մէջ մարտ 21-էն կ’իրականացուին հնագիտական պեղումներ:

 

 

Scroll Up