Արցախի ՄԷջ Աճեցուած Հաճարը Կ’արտահանուի Եւրոպա. «Արգրէյն» Ընկերութեան Հիմնադիր

Արցախի մէջ աճեցուած հաճարը կ’արտահանենք Իտալիա, Հոլանտա, Իսրայէլ, Ռուսաստան. վերջերս նաեւ ԱՄՆ-ի եւ Զուիցերիոյ մէջ կը հետաքրքրուին այդ մշակաբոյսով:
Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է Արցախէն հաճարի արտահանմամբ զբաղուող «Արգրէյն» ընկերութեան հիմնադիր Յարութիւն Մնացականեան:
«Արցախի մէջ սկսած ենք աշխատիլ 2013 թուականէն: Հումքի վերամշակումը կը կատարենք Հայաստանի մէջ եւ կ’արտահանենք նշուած երկիրներ, մասնաւորապէս Եւրոպա: Այն բարձր որակ ունի, որուն պարունակութեան մէջ չկան վնասակար նիւթեր: Հաճարէն ստացած օրկանական ալիւրէն պատրաստուած հացը օժտուած է մարմնին անհրաժեշտ բնական վիթամիններով: Յառաջիկային որոշած ենք այդպիսի հաց արտադրել նաեւ Արցախի մէջ»,- նշած է ընկերութեան հիմնադիրը:
Խօսելով Արցախի մէջ իրականացուելիք յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին` Հ. Մնացականեան ըսած է, որ կը պատրաստուի Արցախի մէջ արտադրուող կտաւատի հումքի համար ձէթի արտադրամաս հիմնել:
«Այս տարի կը նախատեսեմ բանալ կտաւատի ձէթի արտադրամաս, ուր պիտի մշակենք Արցախ արտադրուող կտաւատի հումքը: Ոչ աւանդական բուսատեսակներէն քինուան, չիան եւ ֆիզիալիսը Եւրոպայի մէջ մեծ արժէք ունին. ցանկութիւն ունինք այս երեք մշակաբոյսերը եւս Արցախի մէջ աճեցնենք: Այդ մշակաբոյսերը կ’օգտագործուին հիւթերու, աղցաններու արտադրութեան մէջ»,- մանրամասնութեամբ պատմած է Հ. Մնացականեան: