Հենրիխ Մխիթարեան` «Inside United»-ի Շապիկին

Հայաստանի հաւաքականի եւ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան Inside United-ի ապրիլեան թիւի շապիկին աստղն է, կը յայտնէ ակումբի պաշտօնական կայքը:

Կը նշուի, որ Մխիթարեանը «ուղղակի անհնար է կանգնեցնել», երբ ան գնդակով առաջ կը սլանայ, ինչպէս անկասելի է նաեւ ֆութպոլի մէջ մեծ նուաճումներու հասնելու անոր ձգտումը»: Պարբերականը Մխիթարեանը բնութագրած է, իբրեւ «անկասելի ուժ»:

Inside United-ին տուած հարցազրոյցին Մխիթարեան պատմած է, թէ ինչպէս է 13 տարեկանին եղած է Պրազիլ, ուր կը ջանար յղկել իր հմտութիւններն ու եւս մէկ քայլ ընել դէպի ֆութպոլային փառքը: Ըստ ֆութպոլիստին, կային մարդիկ, որոնք կը կասկածէին, որ ան կրնայ բարձունքներու հասնել, սակայն ատիկա միայն կը դրդէր զինք ապացուելու , որ անոնք ճիշդ չեն:

«Կրնամ ըսել, որ մեծաւ մասամբ մարդիկ իմ ուժերուս չէին հաւատար: Մարդիկ ուղղակի կը ծիծաղէին եւ կը կարծէին, որ ես չեմ կրնար այդ մակարդակի հասնիլ»,-ըսած է ֆութպոլիստը:

Անդրադառնալով «Մանչեսթըր Եունայթըտ» տեղափոխուելուն` Մխիթարեան ըսած է, որ երազանք ունէր` «խաղալ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլային ակումբներէն մէկուն մէջ, ինչ որ կ՛ընէ հիմա»:

Scroll Up