Հրապարակուած Է «ԵկԱրցախ» Վերնագիրով Նոր Երգ. տեսանիւթ

Արցախի մասին հրապարակուած է «ԵկԱրցախ» («#EkArtsakh») վերնագիրով նոր երգ:
«Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին «Արցախի ձայներ» երաժշտական համոյթի անդամ, երգի կատարող Ալեքսան Ասրեան ըսած է, որ խօսքերուն եւ երաժշտութեան հեղինակը ինքն է:
«Երգի ստեղծման ու հրապարակման օգնած են «Արցախի ձայներ»-ու արտադրող Լիրա Քոչարեան եւ երաժշտական համոյթի անդամները: Այս երգով ես կը յորդորեմ արտերկիր ապրող մեր հայրենակիցներուն, որ այցելեն Արցախ ու տեսնեն մեր դրախտավայր երկիրը` անոր մաքուր օդը, գեղատեսիլ բնութիւնը, հազարամեայ մշակոյթը»,-ըսած է Ա. Ասրեան եւ տեղեկացուցած, որ այդ երգով ինքն իր առաջին քայլերը կ’ընէ երգարուեստին մէջ: