Պրազիլի Սան Միկել Արքանժօ քաղաքը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Պրազիլի Սան Միկել Արքանժօ քաղաքը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պրազիլէն Սարգիս Գարամեքեան յայտնած է, թէ մարտ 21-ին քաղաքը ընդունած է օրէնք մը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին:
«Ցաւօք, մինչեւ հիմա Պրազիլը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը դաշնակցային օրէնքով: Մենք այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք, այժմ յաջողութիւնները քաղաքային մակարդակով են: Յառաջիկային նոյնպէս Պրազիլի տարբեր քաղաքներու կողմէ ճանաչումներ կ՛ակնկալուին»,- ըսած է Սարգիս Գարամեքեան: