Հոգեհանգտեան Արարողութիւն Սան Փաուլոյի ՄԷջ` Նուիրուած Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Զոհերու Յիշատակին

Պրազիլիոյ Սան Փաուլօ քաղաքի Սուրբ Գէորգ մայր տաճարին մէջ տեղի  ունեցած է հոգեհանգստեան արարողութիւն` նուիրուած ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ զոհուած քաջորրդիներուն:

Ինչպէս  կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն, Տ. Նարեկ վարդապետ Պերպերեանի նախագահութեամբ մատուցուած է պատարագ, որուն մասնակցած է նաեւ Պրազիլիոյ մէջ ՀՀ դիսպան Աշոտ Գալոյեան: Նոյն օրը ՀՀ դեսպանը ներկայ  գտնուած է Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերաբացման հանդիսութեան եւ այդ առիթով եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարի օծման արարողութեան: ՀՀ դեսպանը հայ համայնքի եւ կրօնական յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն առջեւ հանդէս  եկած է ելոյթով, որմով կարեւոր համարած է օրուան խորհուրդը:

 

Scroll Up