Մարաղայի Կոտորածի 25-րդ Տարելիցին Առթիւ Կազմակերպուած Է Ձեռնարկ

1992 թուականի ապրիլ 10-ին ատրպէյճանական զինուած ուժերը ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Մարաղա գիւղին մէջ իրականացուցած են հայերու կոտորած:
«Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին Մարաղա գիւղի ինքնապաշտպանական ջոկատի հրամանատար, համայնքի ղեկավար Ռոմա Կարապետեան ըսած է, որ 1992 թուականի ապրիլ 9-ին գիւղը հրետակոծուած է, ու իրենք հասկցած են, որ թշնամին պիտի յարձակի:
«Յաջորդ օրը` ապրիլ 10-ին, ազերի հրոսակները յարձակած են Մարաղայի վրայ: Այդ օրը 3 անգամ գիւղի ինքնապաշտպանական ջոկատները անհաւասար մարտեր մղած են` ետ շպրտելով թշնամին: Յարձակման արդիւնքով այրուած է գիւղի 173 բնակարան, սպաննուած` 50 հոգի, 38 հոգի ալ պատանդ վերցուած է. անոնցմէ 24-ը փոխանակուած, իսկ 14-ի ճակատագիրը մինչ օրս ալ անյայտ կը մնայ: Հայկական ուժերու ջանքերով մենք կրցած ենք նոյն օրը` գիշերուան ժամը 12-1, վերջնականապէս ազատագրել Մարաղան»,-պատմած է Ռ. Կարապետեան :
Մարաղայի կոտորածի 25-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Նոր Մարաղայի Վագիֆ Համբարձումեանի անուան միջնակարգ դպրոցի աշակերտներու ուժերով կազմակերպուած է ձեռնարկ:
Դպրոցականները հանդէս եկած են զինուորական հագուստներով` ձեռքերնին բռնած գիւղի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու նկարներ եւ թուրք հրոսակներու բարբարոսութիւնը դատապարտող պաստառներ. ձեռնարկի մասնակիցներու ձեռքերուն կը ծածանէր հայոց եռագոյն դրօշը:
Ձեռնարկին ներկաները ծաղիկներ խոնարհած են 25 տարի առաջ Մարաղայի համար զոհուած հերոսներու յիշատակին կանգնեցուած յուշաքարին:
Դպրոցականները արտասանած են մարտական ու ոգեկոչող բանաստեղծութիւններ, իսկ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, Մարտակերտի պատուաւոր քաղաքացի Շուշան Պետրոսեանն ալ հանդէս եկած է հայրենասիրական երգերով:
Ձեռնարկին ներկայ էին Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Ռադիկ Առուշանեան, Մարաղայի բնակիչներ, հիւրեր եւ այլք:
Լուսանկարները` Լուսինէ Զ աքարեանի