Ատոմ Էկոյեան, Արսինէ Խանջեան եւ Էրիկ Նազարեան Այցելած են Առաջնագիծ

Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուֆենկեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Արցախ գտնուող բեմադրիչներ Ատոմ էկոյեան, Էրիկ Նազարեան եւ դերասանուհի Արսինէ Խանջեան, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Վարդան Բալայեանի ուղեկցութեամբ, Ապրիլ 5-ին այցելալ են ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր:

Առաջնագիծի վրայ սփիւռքահայ աշխարհահռչակ մշակութային գործիչները հետաքրքրուած են հրադադարի խախտման դէպքերու յաճախականութեամբ, ծանօթացած զինծառայողներու ընկերային-կենցաղային պայմաններուն եւ մարտական հերթապահութիւն կատարելու առանձնայատկութիւններուն:

Scroll Up