Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակուած է Աւելի Քան 300 Կրակոց
Ապրիլ 5 լոյս 6-ին Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծի վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է շուրջ 30 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 300 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը մեծ մասամբ ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէն եւ շարունակած են վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: