Ուխտագնացութիւն Դէպի Այնթուրայի Երբեմնի Որբանոց

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցաւ Այնթուրայի երբեմնի որբանոցը:
ԼՕԽ-ականներ եւ բարեկամուհիներ ուղղուեցան Այնթուրայի որբանոցը, մուտքին դիմաւորուեցան դպրոցի տեսուչ հայր սուրբին կողմէ, որ մանրամասն տեղեկութիւն ներկայացուց, այս որբանոցին մասին: Ապա ան հրաւիրեց իրենց դպրոցի պատմութեան ուսուցիչը, որ յոյն ըլլալով ըսաւ, որ իրենք ալ ճաշակած են թուրքին բարբարոսութիւնները: Այնուհետեւ ան ցոյց տուաւ բակին կեդրոնական մասին վրայ հաստատուած «արեւու ժամացոյց»-ը, ուր ժամերով իբրեւ պատիժ արեւուն նայիլ կու տային որբերուն կուրանալու աստիճան: Ցոյց տալով եկեղեցին, ան ըսաւ, թէ այս եկեղեցին կը գործածէին իբրեւ հիւանդանոց, որուն ետեւը մահացած որբերը կը դնէին, որպէսզի գայլերը … յոշոտեն զանոնք:
Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան եւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան, ընկերակցութեամբ երկու սարկաւագներու, ԼՕԽ-ականներուն հետ մտան եկեղեցի` նահատակ որբերու հոգեհանգիստ կատարելու համար:
ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին անունով, Ազնիւ Միքայէլեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք հաւաքուած ենք այստեղ չմոռնալու, յիշելու եւ յիշեցնելու մեր պատմութեան ամէնէն ահարկու սեւ էջերէն մէկը: Անկարելի է չլսել աղիողորմ աղաչանքները այն որբերուն, որոնք հոս, այս յարկին տակ, ենթարկուելով ահռելի չարչարանքներու, սակայն ապրելու, հա՛յ ապրելու իրենց աննկուն կամքով, դիմագրաւեցին ամէն տեսակ չարչարանքներ»:
Ապա Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ այստեղ հաւաքուած են ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, որովհետեւ ԼՕԽ-ի գործը նուիրական է: Ան յորդորեց ներկաները երբեք չթուլնալ եւ միշտ յիշելով 1915-ի դէպքերը աւելի ծառայել մեր ժողովուրդին. հայ կինն է, որ սերունդներուն մէջ վառ կը պահէ հաւատքը եւ ազգային գիտակցութիւնը, հաստատեց տէր հայրը:
Ապա Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան կարդաց Այնթուրայի որբանոցին մասին պատրաստած գրութիւնը` Գառնիկ Բանեանի յուշերուն հետեւողականութեամբ: Գառնիկ Բանեան ինքն ալ բերուած էր Այնթուրայի որբանոց` Ճեմալ փաշայի կողմէ թրքացուելու նպատակով: Այդտեղ հայ որբերուն անունները կը փոխէին թրքական անուններով, որպէսզի անոնք մոռնան իրենց արմատները: Եւ ամէն օր այս կամ այն պատրուակով «յանցագործները» իրենց ոտքերուն տակ «ֆալախա» կ՛ուտէին: Հակառակ այս բոլորին, Այնթուրայի որբանոցը տարիներու իր դժոխային պատմութեամբ մղիչ ուժ կը դառնայ որբերուն ժառանգած հայ հոգիին, հաւատքին ու կամքին, որոնք կը պաշտպանեն ու կը վերադարձնեն զանոնք հայ ժողովուրդին: Այնթուրան բազմաթիւ որբերուն գերեզմանը եղաւ եւ ապրողներուն ալ խաչելութեան փայտը:
Ու օր մը, անակնկալօրէն, թուրք ուսուցչուհիները, տնօրէնը եւ բոլոր պաշտօնեաները կը հեռանան: Ազատ էին: Որբանոցի նոր անձնակազմը հայերէ, ամերիկացիներէ եւ լիբանանցիներէ կը բաղկանար:
Ապա կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ուխտաւորները երկիւղածութեամբ աղօթելով հետեւեցան շարականներուն: ԼՕԽ-ականները քահանայ հայրերուն առաջնորդութեամբ մոմեր վառած ուղղուեցան նահատակ որբերուն գերեզմանը, ուր ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ յուշակոթողին առջեւ, ուր գրուած էր, «Ի յիշատակ հայ նահատակներուն, որոնք զոհ գացին օսմանեան իշխանութեան գործադրած ցեղասպանութեան, աստ հանգչին հայ որբուկները»: