Լոս Անճելըսի ՄԷջ Տեղի Ունեցած Են Հայ-Մեքսիքական Գործարար Շփումներ
Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Մեքսիքայի գլխաւոր հիւպատոս Գառլոս Իուճինիօ տէ Ալպա Զեպետան հանդիպեցաւ ամերիկահայ երկու տասնեակ գործարարներու հետ:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Ան ներկայացուց հայ-մեքսիքական գործարար ոլորտի հեռանկարային ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ Մեքսիքայի տնտեսութեան յառաջատար ուղղութիւնները, ուր իրականացուելիք գործարար-ծրագիրներով հնարաւոր կ’ըլլայ կամրջել հայկական եւ մեքսիքական համայնքներն ու գործարար կապեր ստեղծել նաեւ երկու պետութիւններուն միջեւ:
Քննարկման կը մասնակցէր նաեւ Հայ-ամերիկեան գործարար խորհուրդի նախագահ Ալէք Պաղտասարեան, որ իր ելոյթին մէջ շեշտեց հայ-մեքսիքական գործարար կապերու միջոցով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժացման կարեւորութիւնը:
Հանդիպման աւարտին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ նման ձեւաչափով հանդիպումներն աւելի պարբերական դարձնել: