Հայաստանի Մէջ Գորգերու Արտադրութեան Ծաւալը Աւելցած է 60 Տոկոսով
2017-ի Յունուար-Փետրուարին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ գորգերու եւ գորգեղէնի արտադրութեան ծաւալը աճած է 60 տոկոսով:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը, եթէ 2016-ի Յունուար-Փետրուարին հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 0.5 թոն գորգեր եւ գորգեղէն, ապա այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին` 0.8 թոն:
Panorama.am-ի փոխանցմամբ`Յունուար-Փետրուարին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 648.7 հազար հատ հագուստեղէն, իսկ 2016-ի Յունուար-Փետրուարին` 500.1 հազար հատ: Այստեղ արտադրութեան ծաւալները աճած են 29.7 %-ով:
Աւելցած են նաեւ բամբակեայ գործուածքներու արտադրութեան ծաւալները: Եթէ 2016-ի Յունուար-Փետրուարին արտադրուած է 0.2 թոն բամբակեայ գործուածք, ապա այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին` 0.4 թոն, որ 2 անգամ աւելի է:
Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն` այս ժամանակահատուածին 36.9%-ով նուազած է միայն գուլպայի արտադրութեան ծաւալը: 2016-ի Յունուար-Փետրուարին արտադրուած է 1 592.1 հազար զոյգ գուլպայ, իսկ 2017-ին` 1 004.8 հազար զոյգ: