ԱԺ Ընտրութիւններ. ԿԸՀ-ն Արձանագրութեամբ Ամփոփեց Քուէարկութեան Նախնական Արդիւնքները

ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը Ապրիլ 3-ին ժամը 12:00-ին, գումարելով արտահերթ նիստ, ամփոփեց 2009 տեղամասերու արդիւնքները եւ կազﬔց քուէարկութեան նախնական արդիւնքներու արձանագրութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, ԿԸՀ-ն արձանագրեց հետեւեալ արդիւնքները, եւ բոլոր անդաﬓերը ստորագրեցին արձանագրութիւնը, յատուկ կարծիք ունենալու մասին որեւէ նշում առկայ չէ.

«Ելք» դաշինք` 122 հազար 049 ձայն կամ 7.77 %

«Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութիւն` 14 հազար 746 ձայն կամ 0.94 %

«Հայկական վերածնունդ» կուսակցութիւն` 58 հազար 277 ձայն կամ 3.71 %

«Ծառուկեան» դաշինք` 428 հազար 965 ձայն կամ 27.32 %

«Կոնգրէս-ՀԺԿ» դաշինք` 25 հազար 975 ձայն կամ 1.65 %

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն` 771 հազար 247 ձայն կամ 49.12 %

Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութիւն` 11 հազար 745 ձայն կամ 0.75 %

«Օհանեան-Րաֆֆի-Օսկանեան» դաշինք` 32 հազար 504` 2.07 %

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն` 103 հազար 173 ձայն կամ 6.57 %

Արձանագրութիւնը կը ներառէ նաեւ տարածքային ցուցակներու թեկնածուներու կողմ ձայները: Ապրիլ 2-ին Հայաստանի 13 ընտրատարածքներուն մէջ գործած է 2009 ընտրատեղամաս: Արձանագրութիւնը ամրագրեց նաեւ ընտրողներու ցուցակին մէջ ընդգրկուած ընտրողներու ընդհանուր թիւը` 2 ﬕլիոն 585 հազար 134, քուէարկութեան օրը ընտրական տեղամասերուն մէջ կազմուած ընտրողներու լրացուցիչ ցուցակին մէջ ընտրողներու թիւը` 7, շրջիկ արկղով քուէարկողներու լրացուցիչ ցուցակին մէջ ներառուած անձանց թիւը` 2 հազար 572, ելեկտրոնային եղանակով քուէարկողներու թիւը` 877, քուէարկութեան մասնակցած է 1 ﬕլիոն 577 հազար 323 մարդ կամ 60.93 տոկոսը:

Նախնական արդիւնքները կը փաստեն, որ Ազգային ժողով մուտք գործելու անհրաժեշտ նուազագոյն շեմը յաղթահարած է չորս ուժ: Յառաջատարը ՀՀԿ-ն է, կը յաջորդեն «Ծառուկեան», «Ելք» դաշինքները, ՀՅԴ-ն:

 

 

Scroll Up