«Հայկական Սփիւռքի Արուեստը» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով Վարշաւայի ՄԷջ

Մարտ 30-31-ը Վարշաւայի Քարտինալ Ստեֆան Վիշինսկիի անուան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական սփիւռքի արուեստը» խորագիրով միջազգային գիտաժողով, որ կ´իրականացուէր Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին եւ Լեհաստանի հայ համայնքի կազմաւորման 650-ամեակին ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Համաշխարհային արուեստներու ուսումնասիրութեան Լեհական հիմնարկը, Կտանսկի Ազգային թանգարանը եւ Վարշաւայի Քարտինալ Ստեֆան Վիշինսկիի անուան համալսարանը` Սահակեան հիմնադրամի ու Միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի հովանաւորութեամբ:

Գիտաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկան Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեան, Վարշաւայի Քարտինալ Ստեֆան Վիշինսկիի անուան համալսարանի Պատմութեան եւ արուեստի հիմնարկի տնօրէն, դասախօս Քաթարժինա Խրուդժիմսկա-Ուհերան, Լեհաստանի Համաշխարհային արուեստի ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի նախագահ, Տորունի Նիքոլա Քոփեռնիքոսի անուան համալսարանի փրոֆէսոր Եէժի Մալինովսկին եւ գիտաժողովի կազմակերպական յանձնախումբի ղեկավար, Վարշաւայի Քարտինալ Ստեֆան Վիշինսկիի անուան համալսարանի փրոֆէսոր Վալտեմար Տելուկան:

Գիտաժողովին տարբեր երկիրներու մէջ հայ ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած արժէքաւոր մշակութային ժառանգութեան վերաբերող գիտական զեկոյցներով եւ իրենց ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներով հանդէս եկան հայ եւ օտարազգի գիտնականներ Լեհաստանի, Հայաստանի, Ֆրանսայի, Սերպիոյ, Ուքրանիոյ, Գերմանիոյ, Հունգարիոյ  շարք մը համալսարաններէն եւ գիտական կեդրոններէն:

 

Scroll Up