Հայաստանի Քարաթէի (JKA) Ազգային Հաւաքականը Հոլանտայի Մէջ

Հոլանտա ժամանած են Ճափոնի քարաթէի ընկերակցութեան Հայաստանի քարաթէի (JKA) ազգային հաւաքականի մարզիկները (JKA ARMENIA): Գերմանիոյ Տիւսելտորֆ քաղաքի օդակայանին մէջ անոնց   դիմաւորած են, այնուհետեւ հիւրանոց  ուղեկցած Մասթրիխթ քաղաքի «Անի» հայ համայնքի անդամներն ու ատենապետ Լեւոն Սարգիսը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը հաղորդէ «Նիտերլանտական օրագիր»-ը, մեր հաւաքականի 4 անդամները`   Արթուր Աւետիսեան, Արթուր Բայրամեան, Արտեոմ Վանեսեան եւ Սահակ Ազատեան, ապրիլ 1-ին Սիտարտ քաղաքի «Fitland XL» մարզահարթակին վրայ պիտի մասնակցին  JKA քարաթէի Եւրոպայի 2017 թուականի գաւաթի առաջնութեան: Մասնակցութեան համար յայտեր ներկայացուցած են Եւրոպայի ուժեղագոյն 23 երկիրներու խումբեր: Հայաստանի պատուիրակութիւնը (Ընկերակցութեան նախագահ` Սեւակ Յակոբեան, մարզիչ` Ռաֆայէլ Մկրտչեան) լաւ արդիւնք ունենալու համար վճռական ու մարտական  տրամադրուած են, յատկապէս, որ առկայ պիտի ըլլան մեր հայրենակիցներու  բարոյական աջակցութիւնն ու օժանդակութիւնը:

Ի դէպ` այս առաջնութեան մասնակցող Հոլանտայի JKA քարաթէի ազգային հաւաքականը կը մարզէ մեր հայրենակից Վազգէն Սարգիսը` «Անի» հայ համայնքի ատենապետ Լեւոն Սարգիսի որդին (նկարին մէջ ձախէն առաջինը):

212741_600

Կիրակի օրը Հայաստանի քարաթէի (JKA) ազգային հաւաքականի պատուիրակութիւնը կը մասնակցի հայկական Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ  Պատարագի արարողակարգին, կը հիւրընկալուի Անի հայ համայնքի անդամներուն, կը ծանօթանայ քաղաքի տեսարժան վայրերուն:

Scroll Up