Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հետ Քննարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչման Նախապատրաստութիւնները

Ուրբաթ, 31 Մարտ 2017-ի առաւօտուն, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ անոր հետ քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչման նախապատրաստութիւնները։
Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Ապրիլ 24-ի առիթով տեղի ունենալիք կեդրոնական, միջկուսակցական ձեռնարկներուն իր պատկերացումը։ Ձեռնարկները պիտի ունենան համահայկական ու համալիբանանեան բնոյթ։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցելու հայութիւնն ու հայկական պահանջատիրութիւնը յուզող անմիջական հարցերու շուրջ։