Օգնեցէք Ինծի Պահելու Գըրգի «Խոստումը». Անտրէ Աղասին Միացած է Արշաւին

Ամերիկահայ թենիսի առասպել Անտրէ Աղասին միացած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի գովազդային արշաւին` կոչ ընելով դիտել զայն:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Աղասին տեսանիւթ հրապարակած է Twitter-ի իր էջին:

«Ես այնքան հպարտ եմ տեսնելու, որ Գըրգ Գըրգորեանի տեսլականը դարձած է իրականութիւն: Օգնեցէք ինծի պահելու Գըրգի «Խոստումը»,- նշած է թենիսի մասնագէտը:

Scroll Up