«Թուֆէնքեան Հիմնադրամ»-ը Կ՚աջակցի Արցախի Վերաբնակեցուած Միջնաւան Քաղաքին

«Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի միջոցներով, Մարտ 28-ին, Արցախի ազատագրուած Միջնաւան քաղաք հասան վերաբարձ մեքենաներ, շրջանի գիւղացիներուն երկրագործական աշխատանքներուն օգնելու համար։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթը։

Մեքենաները Արաքսի ափին գտնուող Արցախի վերոնշեալ ազատագրուած տարածքի հողերը պիտի հարթեցնեն, մաքրեն և ցանքի պատրաստեն։ Միջնաւան հաստատուած գիւղացիները այդ հողերուն վրայ ցորեն, գարի և եգիպտացորեն պիտի ցանեն։ Համայնքը ունի 480 հեքթար անջրդի եւ 327 հեքթար ոռոգելի վարելահողեր։

Նշենք, որ 1995-ի օգոստոսի 8-ին Միջնաւանը վերաբնակեցումը սկսած է 15 հոգիով: Այսօր Միջնաւանի մէջ կ՚ապրի 123 ընտանիք, 483 հոգի։   Բնակչութիւնը կը զբաղի գիւղատնտեսութեամբ անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ։

Քաղաքի միջնակարգ  դպրոցին մէջ կ՚ուսանի մօտ 80 աշակերտ։

Միջնաւանի մէջ կը գտնուի համանուն անունով երկաթուղային կայարան, որով կ՚անցնի այժմ չգործող Ջուղա-Հորադիզ եւ Միջնաւան-Կապան երկաթուղային ճիւղերը։

mijnavan125

Scroll Up