Անուանի Գրող Ալպերթ Իսոյեան Պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Ուիլեամ Սարոյեան» Մետալով

Մարտ 26-ին Ախալցխայի «Ռաֆայէլ Ջաւախ» կրթամշակութային կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ անուանի գրող, գրականագէտ եւ ազգագրագէտ Ալպերթ Իսոյեանին նուիրուած մեծարման հանդիսութիւն, որուն ներկայ էին Վրաստանի հայ գրողները, կեդրոնի աշխատակազմի ներկայացուցիչները, աւագ սաները, գրողի հարազատներն ու մերձաւորները: Գրողի վաստակը, լաւագոյս գնահատելով, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Ալպերթ Իսոյեանին պարգեւատրեց «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալով: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ կրթամշակութային կեդրոնի մամլոյ դիւանը:

 Ձեռնարկի բացումը կատարեց  ՎՀԳ «Վերնատուն» միութեան նախագահ, կեդրոնի ղեկավար Ժորա Սնխչեան, օրհնութեան խօսք ըսաւ Նինոծմինտայի հոգեւոր հովիւ Տէր Արմաշ քահանայ Պօղոսեան:
Հանդիսութեան ընթացքին անուանի մտաւորականին ուղղուած գնահատանքի ջերմ խօսքեր հնչեցին: Իսոյեանի գրիչի արգասիքը 8 ստուարածաւալ գիրք է` նուիրուած Ջաւախքի ազգագրութեան, արտերկիր կատարած այցելութիւններուն մասին գրուած ուղեգրութիւններուն, որոնց մէջ ընդգրկուած են նաեւ բանաստեղծութիւններ, զուարճապատումներ եւ այլն:

Իրենց ելոյթներուն մէջ գրողներ Նազելի Նայիրին, Յովհաննէս Մարիկեան, Միքայէլ Եսոյեան, Հմայեակ Գրիգորեան, Մանուկ Կարախանեան,Արաքսիա Վարդանեան, Թամար Ծառուկեան, Կիմիկ Իսոյեան սրտանց շնորհաւորեցին օրուան հերոսը: Աւարտին ելոյթ ունեցաւ Ալպերթ Իսոյեան.ան  ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` իրեն բարձր պարգեւի արժանացնելու համար եւ ՎՀԳ «Վերնատուն» միութեան:

Ձեռնարկը  իրենց տպաւորիչ ելոյթներով զարդարեցին «Ռաֆայէլ Ջաւախ» կրթամշակութային կեդրոնի երգչախումբը, ասմունքի կեդրոնի սաներ Կարինէ Ղարագուլեան, Աննա Կիրակոսեան, Տիանա Մարաբեան, Վարսենիկ Այվազեան:

Մեծարման ցերեկոյթը վերածուեցաւ հայ մշակոյթին եւ գրականութեան նուիրուած  իւրօրինակ, գեղեցիկ փառատօնի մը:

89

 

Scroll Up