«Արի Տուն» Ծրագիրը Հաստատուն Միջոց Է Նոր Սերունդին Մէջ Ամրապնդելու Հայու Հոգին. Մարալ Ներսէսեան

Մարալ Ներսէսեան Յորդանանի հայ համայնքի երիտասարդ գործիչներէն է, որ իր գործունէութեամբ կը փաստէ, որ Յորդանանի հայկական փոքրաթիւ գաղութը վերջին քանի մը տարիներուն ծաւալեց աշխոյժ գործունէութիւն, Մարալի եւ  քանի մը անհատներու շնորհիւ տեղի հայերը հայրենիքի հետ կապը կը պահեն բաւականին ամուր եւ երիտասարդ հայուն այստեղ հայ պահելու խնդիր չկայ:

Ին՞չ է Հայաստանը սփիւռքահայ աշխոյժ երիտասարդ, հասարակական գործիչի ընկալմամբ` հայրենիք թէ՞…

-Անձնապէս ինծի համար Հայաստան միակ Հայրենիքն է, Յորդանան, ուր ծնած-մեծցած եմ ու կը շարունակեմ ապրիլ մինչեւ օրս, միշտ համարած եմ որպէս ապահով օթեւան` շնորհակալ եմ Հաշիմական թագաւորական ընտանիքին, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներուն, քաղաքացիներուն հաւասար ընդունեցին, բայց իմ միակ Հայրենիքս, իմ միակ տունս եղած է ու կը մնայ Հայաստանը:

Ինչպիսի՞ն է երիտասարդ սփիւռքահայ մարդու կերպարն այսօր:

-Կրնամ ըսել, երիտասարդ սփիւռքահայ մարդու կերպարը ինչպիսին պէտք է ըլլայ եւ կամ ես ինչպիսին կը ձգտիմ ըլլալ միշտ. Աշխատիլ, ըլլալ միշտ յաջող եւ յառաջատար անձ մասնագիտական ոլորտներուն մէջ եւ յիշել, որ Հայու կերպարը պէտք է պահպանել, յիշել, որ դեսպաններն ենք մեր ազգի եւ ներկայացուցիչները եւ ամէնուր Հայուն վայել կերպարով պէտք է ներկայացնենք մեր ազգը: Օտարը մեզմո՛վ նկարագիր կը կազմէ մեր երկրին մասին:

Մենք այսօր սփիւռքի մէջ նաեւ հայապահպանութեան խնդիր ունինք: Ին՞չ  պէտք է ընել այս ուղղութեամբ:

-Սփիւռքը անդադար հայապահպանման պայքարի մէջ է: Պէտք է Հայու հոգին արթնցնենք միշտ, անընդհատ եւ դարձնենք Հայուն իր Հայ ըլլալու հպարտութիւնը: Եթէ Հայը յիշէ իր պատմութիւնը, հպարտանայ իր հարուստ մշակոյթով, իր ազգի ներդրումը մարդկութեան ժառանգութեան մէջ, եթէ մանաւանդ յիշէ իր պապերուն Հայ մնալու պայքարը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, ան չի հեռանար իր ազգէն եւ ձուլման չենթարկուիր: Յորդանանահայ (շուրջ 3000 հայ) փոքր համայնքին մէջ խառնամուսնութեան հիմնախնդիր ունինք (վերջին  քանի մը տարիներուն` ոչ ստոյգ` 80%-ով):

Ցաւօք, չեն ընկալեր, որ միայն մէկ սերունդ յետոյ արդէն համայնքը կ’այլասերուի: Արաբական գարունը մեծ հարուած էր հայապահպանման: Մինչ այդ համահայկական ճամբարներ կը կազմակերպուէին Միջին Արեւելքի մէջ:

Յորդանանի Ամման քաղաքին մէջ կը գործեն երկու միութիւններ, առաքելական եւ ուղղափառ եկեղեցիներ, ունինք երգչախումբ, պարախումբ, սկաուտական շարժումներ. կը յաճախէ համայնքի 10%-ը: Իսկ միակ նախակրթական հայկական դպրոցը, չկարենալով իր մակարդակը պահպանել ամէն տեսակի պաշարներու պակասութեան պատճառով, ենթակայ է կորստեան: Մեր հիմնական յոյսը Հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդումն է:

Սփիւռքի նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրը հաստատուն միջոց է նոր սերունդին մէջ ամրապնդելու մեր մտադրած Հայու հոգին: Մեր մշակութային հարստութեան մասին պարբերաբար յիշեցման կարիքն ալ կայ բոլոր սերունդներուն մէջ նախընտրաբար Հայրենի խումբերու միջոցով` ըլլայ մեր ժառանգած պարերու, երգերու, դասախօսութիւններու, ցուցահանդէսներու կամ նման ձեռնարկներ կազմակերպելու միջոցով:

Հայկական արբանեակային հեռուստաալիքները մեծ դեր կը խաղան սփիւռքի հասկացողութեամբ Հայու կերպարը կազմելու համար: Բացասական դրուագաշարերը եւ ոչ բաւականաչափ վաւերագրական ֆիլմերը հակասական դեր ունին այս հարցին մէջ:

Դուք ինչի՞ շնորհիւ  կրցած էք չհեռանալ հայ ինքնութեան որակներէն:

-Մեր տան մէջ կը տիրէ Հայկական մթնոլորտ: Փոքր տարիքէս հայկական երգերով  մեծցած եմ: Ցեղասպանութիւնը վերապրած մայրական մեծմայրս մեզի համար միշտ կ’երգէր «Անուշ» օփերան․ Անուշի դերը  խաղցած էր Հալէպ: Բաւական տպաւորուած եմ եւ ազդուած հայրական մեծհօրս գրառումներով` արձանագրուած ցեղասպանութեան յուշերէն: Միշտ սէր ունեցած եմ մեր ազգին նկատմամբ: Այժմ ալ հպարտ եմ իմ Հայ ինքնութեամբ, մեր հարուստ մշակոյթով եւ պանծալի պատմութեամբ: Իմ հաւատքս իմ Հայ ազգիս հանդէպ չի ձգեր, որ հեռանամ Հայ ինքնութեան որակներէն` հասկնալով Հայու տեսակը բնութագրող յառաջատար, յաջողակ եւ նորարար անհատականութիւնը: Կ’ըսեն` Հայաստան կը կանչէ սփիւռքահայ երիտասարդները:

Ին՞չ  պէտք է, որ համայնքային գործիչ Մարալ Ներսէսեանը վերադառնայ հայրենիք:

-Ճիշդ կ’ըսեն, Հայաստան սփիւռքահայ երիտասարդներու կարիքը ունի: Իսկ հայրենիք վերադառնալու համար ե՛ս պէտք է տուն հասնելու հնարաւորութիւնը ստեղծեմ: Յոյս ունիմ` մեծ թիւով սփիւռքահայեր ներդրում կ’ունենան մեր երկրի կառուցման մէջ: Իմ երկրի յառաջխաղացման հարցով հեռու մնալու եւ դեր չունենալու իրաւունքը չունիմ: Ամբողջ աշխարհ կը գիտակցի Հայու միասնականութեան ուժի զօրութիւնը: Կը մնայ` մենք գիտակցինք եւ հասկնանք, որ օտարութիւնը մեր անզօրութեան առիթին կը սպասէ, իսկ մեզի հարկաւոր է միայն կառուցման աշխատանքը :

Հարցազրոյցը վարեց Ռուզաննա Ղազարեան

diplomat.am

 

 

 

Scroll Up