Ցեղասպանութեան Եւ Մարդասիրութեան Նուիրուած Ներկայացում Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 4-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, համալսարանի Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191) տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Քիթ Տէյվիտ Ուաթընփաուի կողմէ «Խեղդուածները, փրկուածներն ու մոռցուածները. Ցեղասպանութիւնն ու արդի մարդասիրութեան հիմերը» («The Drowned, the Saved and the Forgotten: Genocide and the Foundations of Modern Humanitarianism») նիւթով ներկայացումը։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Սոյն ձեռնարկը մաս կը կազմէ Հայագիտական ծրագիրի գարնանային դասախօսութեանց շարքին եւ կը հովանաւորուի «Լիան Ս. Փիթըրզ» հիմնարկին կողմէ:

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյվիսի մասնաճիւղի դասախօս դոկտ. Քիթ Տէյվիտ Ուաթընփաու հեղինակն է «Քարերէն Հաց» («Bread from Stones») հատորին, ուր ան կը քննէ մարդասիրական հակադարձութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։

Ներկայացման մուտքը ազատ է:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը:

Scroll Up