Հակառակորդը Սահմանագծի Վրայ Դիպուկահար Հրացաններ Օգտագործած է
Մարտ 27 լոյս 28-ին Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծի վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ ներառեալ դիպուկահար հրացաններէ, հրադադարը խախտած է 30 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 400 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը վստահօրէն կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան` անհրաժեշտ պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: