ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն
Մարտ 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին շաբթուան ընթացքին կատարուած ընթացիկ աշխատանքները եւ իրականցուած ձեռնարկները, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները, հանդէս եկան նոր առաջարկներով:
Կարեւոր համարուեցաւ նախարարութեան «Արի տուն» եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներուն Սփիւռքի մասնակցութեան աշխուժացումը, յառաջիկայ շաբթուան ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումն ու լայն լուսաբանումը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նախարարութեան նոր նախաձեռնութեան` «Կանաչ Հայաստան» շարժման կազմակերպական հարցերուն:
Քննարկուեցան աշխատանքային այլ հարցեր: Տրուեցան յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները: