Պարգեւատրուեցան Հայաստանի Lաւագոյն ֆութպոլիստն ու Մարզիչը. տեսանիւթ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յանձնեց տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի եւ մարզիչի մրցանակները: Ակումբներուն մէջ զբաղուած ըլլալու պատճառով ֆութպոլիստները մինչեւ այսօր չէին կրցած գալ Հայաստան` ստանալու իրենց մրցանակները: Այժմ անոնք բոլորն ալ կը գտնուին Հայաստանի ազգային հաւաքականի ճամբարին մէջ:

Աւանի ֆութպոլի ակադեմիոյ մէջ կայացած պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Հենրիխ Մխիթարեան 6-րդ անգամ անընդմէջ եւ 7-րդ անգամ ընդհանրապէս ստացաւ Հայաստանի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի համար նախատեսուած «Ոսկէ գնդակ»-ը: Երկրորդ տեղը գրաւեց փորթուկալական «Մարիտիմու»-ի կիսապաշտպան Գէորգ Ղազարեան, իսկ երրորդը յունական «Քսանթի»-ի ֆութպոլիստ Մարկոս Պիզելին է: Ինչպէս եւ յայտնի էր,  լաւագոյն մարզիչը Գիւմրիի «Շիրակ»-ի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Բիչախչեանն է: Ան եւս ստացաւ իր մրցանակը:

%d6%86%d5%b8%d6%82%d5%bf%d5%a2%d5%b8%d5%ac1

Scroll Up