ԼՕԽ. Մանուկներու Միջազգային Օրուան Խանդավառ Ու Օգտաշատ Նշում

Ազդակ- ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մանուկներու միջազգային օրուան ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 23 մարտ 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, լիբանանահայ տարբեր վարժարաններէ հրաւիրուած մեծաթիւ աշակերտներ ապրեցան խանդավառ, ուրախ ու իսկապէս մանուկին սրտին խօսող պահեր, որովհետեւ անոնք պարեցին, երգեցին եւ իրենց իրաւունքներուն մասին տեղեկութիւններ ստացան:
Մանուկներու միջազգային օրուան նուիրուած հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանցի մանուկներու ազգային մարմինի ներկայացուցիչ Մակի Խաչերեան:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն աշակերտներ Քրիստել Արթինեան` հայերէն եւ Գարոլին Տէր Կարապետեան` արաբերէն լեզուներով արտասանեցին բացման խօսքը, բարի գալուստ մաղթեցին աշակերտներուն եւ պաշտօնական հիւրերուն:
Քրիստել Արթինեան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ միջազգային մայրերու օրուան յաջորդող օրը Արաբական լիկային կողմէ հռչակուած է Մանուկներու օր, որովհետեւ այս երկուքը անբաժանելի մասնիկներ են` իրարմով արժեւորուող: Ան շեշտեց, որ հաւատալով, թէ մանուկը ապագան է, ուստի պէտք չէ զոհ դառնայ, ԼՕԽ-ի Քարոզչական յանձնախումբը կազմակերպած է այս ձեռնարկը, որպէսզի անոր ճամբով մանուկները տեղեակ պահէ իրենց իրաւունքներուն մասին: Քրիստել Արթինեան հաստատեց, որ աշխարհի մէջ մանուկը կը հանդիսանայ ամէնէն գեղեցիկ, բարի, զգայուն ու անմեղ էակը, որ թէեւ փոքր է ու տկար, սակայն կը փորձէ մաքուր ու անմեղ աշխարհ մը ստեղծել իր շուրջ: Ան շեշտեց, որ հայ մանուկը հայկական իրականութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորողն է, ուստի զայն պէտք չէ զրկել ուսումէ, դաստիարակութենէ, հայաբոյր մթնոլորտէ, ուր հայ մանուկին հոգին պիտի հարստանայ հայկական թանկ արժէքներով: Աշակերտը կոչ ուղղեց համայն աշխարհի մայրերուն, դաստիարակներուն` աշխատելու յանուն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի, յանուն մանուկին իրաւունքներուն սատարման ու յարգման, որպէսզի այսօրուան մանուկը կարենայ հաստատ քայլերով ընթանալ դէպի ապագայ:
Գարոլին Տէր Կարապետեան ողջունեց մանուկները` հաստատելով, որ Մանուկներու միջազգային օրը մանուկները յարգելու առիթ է, զանոնք ամէն տեսակի փորձանքներէ զերծ պահելու կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնելու օր, որովհետեւ այսօր ամէն տեղ ալ կայ սպառնալիքը մանուկներու տարրական իրաւունքներու ոտնահարման ու անտեսման: Ան շեշտեց, որ պէտք է ամէն տեսակի գուրգուրանք, հոգածութիւն, ուշադրութիւն տրամադրել մանուկներուն, անոնց տալ անհրաժեշտ դաստիարակութիւն, կարելիութիւն ստեղծել արուեստներու մէջ հմտանալու, ծրագիր մշակել` զանոնք կազմաւորելու այնպէս, որ կարենան ամէն տեսակ մարտահրաւէր շրջանցել: Գարոլին Տէր Կարապետեան այս բոլորը կարեւոր նկատեց մեկնելով այն իրողութենէն, որ առողջ, խելացի, ճիշդ դաստիարակութիւն ստացած, կիրթ, ձգտում եւ մտածելու առիթ ունեցող մանուկն է, որ կրնայ կերտել յուսալի ապագայ մը, կրնայ զարգացնել մարդկային կեանքը` բարգաւաճեցնելով անոր տարբեր բնագաւառները:
Խօսքի աւարտին ան յոյս յայտնեց, որ մանուկներուն դէմքէն անպակաս ըլլայ ժպիտը, անոնց սրտէն` խաղաղութիւնն ու սէրը, հեռու ամէն տեսակ դժբախտութենէ, ցաւէ, տառապանքէ:
Ապա բեմ բարձրացաւ «Օրօրիկ» խումբի պատասխանատու Գարոլին Թերզեան, որ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով երգեր ներկայացուց աշակերտներուն` իր խումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ: Խաղի ճամբով անոնք սրահը խանդավառութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուցած աշակերտներուն բացատրեցին իրենց իրաւունքներուն մասին, պատգամներ փոխանցեցին պատմութիւններուն ընդմէջէն եւ պարով, երգով զուարթ պահեր պարգեւեցին բոլորին:
Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալմանի խօսքը փոխանցեց Խանըմ Խատտաժ, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ մանուկը մարդկային գոյութեան շարունակականութիւնն է, բիւրեղ աշխարհ մը, սպիտակ թուղթ մը, որուն մաքրութեան պահպանման մէջ դերակատար է իւրաքանչիւրս անխտիր: Ան անդրադարձաւ ԼՕԽ-ին տարած աշխատանքին` հաստատելով, որ միութիւնը Լիբանանցի մանուկներու ազգային մարմինի հետ կը գործէ սերտ կերպով եւ ամենայն հաւատարմութեամբ: Ան ողջունեց կազմակերպուած հանդիսութիւնը, որ փաստ է, թէ ԼՕԽ-ը որքան կարեւորութիւն կու տայ մանուկին եւ անոր իրաւունքներուն:
Իր կարգին, առաջնորդ սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց` իր ուրախութիւնը յայտնելով աշակերտութեան հետ միասնաբար այս օրուան նշումին համար: Ան մաղթեց, որ աշակերտները հասակ կ՛առնեն առողջ մթնոլորտի մէջ, կը ծաղկին, արգասաբեր կը դառնան, պատիւ եւ հպարտութիւն կը պարգեւեն ազգին, կ՛ըլլան ուրախութեան եւ օրհնութեան աղբիւր:
Սրահէն մեկնած ատեն աշակերտները ստացան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած յիշատակի նուէրներ: