Թիֆլիսի Պ. Ադամեանի Անուան Հայկական Պետական Թատրոնի Շէնքի Վերակառուցումը Կը Սկսի

Պիտի սկսի Թիֆլիսի Պ. Ադամեանի անուան պետական հայկական տրամադիկական թատրոնի շէնքի վերակառուցումը: 6 տարի է` թատրոնը վթարային ըլլալուն պատճառով չօգտագործեր իր բեմը ներկայացումներու համար:

jnews.ge կայքը կը գրէ, որ Վրաստանի կառավարութիւնը գումար յատկացուցած է բարելաւելու համար որոշ թատրոններու շէնքային պայմանները: Հայկական թատրոնը առաջինն էր այդ ցուցակին մէջ:

Նախագիծին համաձայն, վերակառուցման առաջին փուլին կ’ըլլայ շէնքի ամրացում եւ արտաքին պատերու հաւասարեցում: Ասիկա ամենակարեւոր քայլն է, որ կը վերացնէ շէնքի վթարային վիճակը եւ հնարաւորութիւն կու տայ ներկայացումներ ցուցադրելու: Երկրորդ փուլը դահլիճի վերականգնումն է եւ լուսաւորման թարմացումը:

«Արդէն փոխանցուած է 65 000 լարի եւ շուտով պատրաստ կ’ըլլայ նախագիծը»,- յայտարարած է թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Բայանդուրեան:

Արդէն վեցերորդ տարին է` թատրոնի շէնքը պաշտօնապէս կը համարուի վթարային, այստեղ կ’արգելուի ցուցադրել ներկայացումներ: Բայց ասիկա չի խանգարեր թատրոնի գործունէութեան: Մէկ տարուան ընթացքին ներկայացուած է 4-5 նոր բեմադրութիւն: Ատոնք ներկայացուած են տարբեր վայրերու մէջ, Թիֆլիսի պետական թատրոններու բեմերուն, կամ Հայաստանի մէջ` շրջագայութիւններուն ժամանակ:

Վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքին թատրոնի անձնակազմը փորձեր կատարելու հնարաւորութիւն չունենար: Այդ իսկ պատճառով անձնակազմը  կը պատրաստուի դիմել Վրաստանի մշակոյթի նախարարութիւն, որպէսզի  տրամադրուի դահլիճ եւ յոյս ունի աջակցութեան:

Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական տրամատիկական թատրոնը այս տարի դարձաւ 160 տարեկան: ձեռնարկները, նուիրուած թատրոնի տարեդարձին, յետաձգուած են 1 տարիով: Ասիկա միակ հայկական պետական թատրոնն է, որ կը գործէ Հայաստանի սահմաններէն դուրս:

%d5%a9%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%b61%d5%a9%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%b62

 

Scroll Up