Պուրճ Համուտի Նուիրուած Երեք Ֆիլմերու Ցուցադրութիւն «Ռոսլին» Ցուցադրասրահին Մէջ

Ասպարէզ-Կազմակերպութեամբ «Ռոսլին» ցուցադրասրահին եւ «Ապրիլ» գրատան, Շաբաթ, Մարտ 25ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, նոյն ցուցադրասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի նուիրուած երեք ֆիմերու ցուցադրութիւն։

Մուտքը ազատ է, սակայն կանխաւ տեղեր կարելի է ապահովել՝ այցելելով www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը կամ «Ապրիլ» գրատունը։

Նախ պիտի ցուցադրուի Պուրճ Համուտին նուիրուած պատմական վաւերագրական 16 վայրկեաննոց ֆիլմ մը, որմէ ետք պիտի ցուցադրուի լիբանանահայ բեմադրիչ Վաչէ Պուլղուրճեանի՝ «Հինգերորդ Զօրասիւն»ը (30 վայրկեան)։ Վերջաւորութեան, տեղի պիտի ունենայ Թոնի Փարթամեանի բեմադրած «Հրամմեցէ՛ք» ֆիլմին ցուցադրութիւնը (13 վայրկեան)։

Երեք ֆիլմերու ցուցադրութենէն ետք քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ, առաջնորդութեամբ՝ բեմադրիչ-լուսանկարիչ Արա Մածունեանի։

Նկատի ունենալով, որ Մարտ 18ին կայացած Արա Մածունեանի «Վարդագոյն Փիղը» ֆիլմին ցուցադրութեան ընթացքին մեծ թիւով հանդիսատեսներ ներկայացած էին, Մարտ 25ի ձեռնարկին աւարտին դարձեալ պիտի ցուցադրուի այդ ֆիլմը։

«Ռոսլին» ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale CA 91205։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 241-0611 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին

Scroll Up