«Հնարաւո՞ր Է Արդեօք Պահպանել Հայկական Ինքնութիւնը Արտասահմանի Մէջ» Նիւթով Քննարկում

Կիրակի, Ապրիլ 2ին, կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214) տեղի պիտի ունենայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած հերթական դասախօսական ձեռնարկը՝ «Հնարաւո՞ր է արդեօք պահպանել հայկական ինքնութիւնը արտասահմանի մէջ» նիւթով: Օրուան հիւր դասախօսն է դոկտ. Յասմիկ Պարան:
Այս օրերուն, հայութիւնը կը դիմագրաւէ ձուլման վտանգ: Այս վիճակը կ՛անհանգստացնէ շատ ամերիկահայեր եւ դարձած է ամէնօրեայ քննարկման նիւթ: Ոմանք հաշտուած են ձուլման գաղափարին հետ, իսկ միւս կողմէ, կան հայեր, որոնք կը հաւատան, թէ կարելի է պայքարիլ ձուլման դէմ։
Միացեալ Նահանգները գաղթականներու երկիր է: Պատմականօրէն, 15րդ դարէն սկսեալ, ձուլման կաթսան միշտ աշխատած է գաղթականները ընդգրկել ամերիկեան ընդհանուր գաղափարախօսութեան մէջ, որ կարելի է բնորոշել սպիտակամորթ, անկլօ-սաքսոն եւ բողոքական յատկանիշներով: Սակայն, 1970էն սկսեալ եւ մանաւանդ մարդկային իրաւունքներու շարժման զարգացումով, ի յայտ եկաւ ազգային մշակոյթներու խառն պատկեր մը, որ առիթ ընծայեց գաղթականներու ազգային եւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան՝ իբրեւ ժողովրդավարական իրաւունք: Այս երեւոյթը ներկայացուեցաւ որպէս «աղցանի աման», որ կը նշանակէ՝ ազգային տարբեր ինքնութիւններ պիտի ապրին միասնաբար, իրարու համազօր, երկրի օրէնքին ներքոյ:
Այդ շրջանէն ետք, Ամերիկան վերածուեցաւ տարբեր քաղաքակրթութիւններու խճանկարի մը, որ առիթ ընծայեց հայկական ինքնութեան պահպանման:
Դասախօսը պիտի անդրադառնայ հետեւեալ կէտերուն.
– Ամերիկահայ գաղութի ձեւաւորումը.
– Ձուլումը եւ հայերը.
– Հայապահպանման միջոցները:
Դոկտ. Յասմիկ Պարան դոկտորայի վկայական ունի կրթութեան ճիւղին մէջ (ի մասնաւորի կրթական հոգեբանութեան), USC համալսարանէն, իսկ մագիստրոսի աստիճան՝ կրթական քաղաքականութեան ճիւղին մէջ, Քալիֆորնիոյ CSUN համալսարանէն: Երկար տարիներու դասախօս է հանրային եւ մասնաւոր դպրոցներու մէջ: Ան CSUN-ի Հայկական ուսումնական ծրագիրի խորհուրդի անդամ է:
Դոկտ. Պարան գործօն անդամ է հայ գաղութին մէջ: Ան Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի հոգաբարձու է եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ազգ. առաջնորդարանի վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամ: Անդամ է նաեւ Հայաստանի ուսումնասիրութեան եւ ծրագրաւորման խորհուրդին եւ այլ մասնագիտական ու ազգային կազմակերպութիւններու:
Կը հրաւիրենք բոլորը ներկայ գտնուելու նախ՝ պատարագին, ապա՝ հայութիւնը հետաքրքրող եւ այժմէական նիւթով սոյն դասախօսութեան, որուն մուտքը ազատ է:
Անոնք, որոնք կը փափաքին քաջալերել մեր հերթական դասախօսութիւնները եւ հովանաւորել մեր յառաջիկայ դասախօսական ձեռնարկները, կրնան դիմել cvarmenianchurch@gmail.com հասցէին։
Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն