Թորոնթոյի Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի մեկենասութեամբ հրատարակուեցաւ Երուանդ Օտեանի «Թաղականին կնիկը»

Հորիզոն-Հայ մեծանուն երգիծաբան Երուանդ Օտեանի «Թաղականին կնիկը» վէպը կը ներկայացնէ 20-րդ դարու պոլսահայ կեանքի կենցաղը, ուր հեղինակը նկարագրած է իշխող եւ մեծահարուստ խաւի կիներու քմահաճոյքները, մարդկային այլատեսակ նկարագիրները, ընտանեկան եւ բարոյական հարցերն ու սովորութիւնները:
Տուեալ ստեղծագործութիւնը, հակառակ անոր որ գրուած է 1915 թուականին երկու հանգրուաններով, սակայն իր թեմայով եւ մատնանշումներով շատ մը կէտերու մէջ կը պատշաճի նաեւ մերօրեայ ընկերութեան ապրելակերպին:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը անցնող օրերուն վերահրատարակեց Օտեանի վերոնշեալ երկը։ Նոր հրատարակութեան մեկենասն է Թորոնթոյի Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը։