Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Արեւագալի Ժամերգութեան

Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած աւանդութեան համաձայն եւ Միջինքի առիթով, երէկ, չորեքշաբթի, 22 մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն` նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ժամերգութիւններու երգեցողութիւնը կատարեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները: Հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, Ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճէն եւ Հայ աւետարանական քոլեճէն աշակերտներ:
Յաւարտ ժամերգութեան, խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ըսաւ, թէ, հակառակ տիրող բացառիկ պայմաններուն` շնորհիւ մեր ժողովուրդին հաւատարմութեան, Ս. Նշան եկեղեցւոյ հովիւին, թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբին, դպրաց դասին եւ յարակից մարմիններու նուիրեալ ծառայութեան, Ս. Նշան մայր եկեղեցին Պէյրութի սրտին մէջ կը շարունակէ հոգեւոր սփոփանք ջամբել ժողովուրդին եւ իր զաւակները պահել հոգեւոր արթնութեան մէջ: Ան ողջունեց նաեւ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի ընտանիքին ներկայութիւնը Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ աղօթեց, որ սաները դպրեվանքի մթնոլորտին մէջ ուռճանալով իրենց քայլերը ուղղեն դէպի Աստուած եւ ժողովուրդ ծառայական կեանքին: Ապա ան հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ հայրապետական պատգամը ուղղէ ժողովուրդին:
Վեհափառ հայրապետը հայրական ջերմ սիրով ողջունեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանը, թեմի Ազգային իշխանութեան բոլոր մարմինները, կառոյցները եւ ժողովուրդի սիրելի զաւակները` մաղթելով բոլորին աստուածային օրհնութեամբ եւ երկնային բարիքներով լեցուն օրեր` ի սպաս Աստուծոյ, ազգին եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան:
Վեհափառ հայրապետը նախ դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Քրիստոս իր ուսուցումներուն ընթացքին յաճախակի կերպով շեշտը դրած է կեանքին վրայ, թէ ինչպէ՛ս իր հրաշքներու ընթացքին Քրիստոս մարդը առաջնորդած է մահէն, մեղքէն, ապականութենէն, չարիքէն դէպի կեանք, ապա հաստատեց, որ քրիստոնէութիւնը յղացքներու, գաղափարներու ուսուցումներու կրօնք չէ: Քրիստոնէութիւնը կեանք է, եւ Քրիստոս եկաւ աստուածային կեանքը վերանորոգելու:
Հայրապետը Քրիստոսի կեանքին վրայ դրուած շեշտին պատգամը ամփոփելով երեք կէտերու մէջ` ըսաւ, թէ այն յիշեցում մըն է իւրաքանչիւրին, որ կեանքը մեր ստեղծագործութիւնը չէ, այլ` Աստուծոյ: Աստուած ի՛նքն է կեանքի արարիչը: Մենք կոչուած ենք մեր կեանքը համարատուութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ հաւատարմութեամբ ապրելու: Մեր կեանքը մեր սեփականութիւնը չէ, մենք կոչուած ենք զայն ապրելու այն խոր գիտակցութեամբ, թէ Աստուծոյ պատկանող կեանքն է, որ կ՛ապրինք:
Երկրորդ կէտով Արամ Ա. հայրապետը ըսաւ, թէ մեր կեանքին առանցքը Քրիստոս պէտք է ըլլայ: Քրիստոսի ուղիէն պէտք է քալենք հասնելու եւ ապրելու համար այն կեանքը, զոր Քրիստոս եկաւ վերանորոգելու: Մեր մտածումները եւ գործերը պէտք է Քրիստոս առանցքին շուրջ դառնան: Վեհափառը նշեց նաեւ, որ Իր ստեղծագործութեան մէջ Աստուած յստակ տարբերութիւն մը դրած է բանական եւ անբան կեանքին միջեւ: Աստուած մարդուն կոչում տուած է, եւ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը պարզէ մարդուն տրուած կոչումը` մարդը Աստուծոյ գործակից է: Ան ըսաւ. «Աստուած մարդը ո՛չ միայն նշանակեց պահակ, այլեւ որոշ իմաստով մարդուն պարտականութիւն տուաւ շարունակելու ստեղծագործութիւնը մարդկային սահմաններուն մէջ` ծաղկեցնելով, աճեցնելով, պահպանելով տիեզերքը, սակայն մարդը դաւաճանեց իր կոչումին: Քրիստոս եկաւ վերաշեշտելու մարդուն կոչումը, հետեւաբար Քրիստոս իբրեւ կեանք պէտք է մնայուն ներկայութիւն դառնայ մեր կեանքին մէջ»: Իսկ երրորդ կէտով վեհափառը պատգամեց, որ մեր կեանքը յստակ նպատակ մը ունենայ: Ան նախ յայտնեց, թէ աստուածային կոչում ունենալ կը նշանակէ մեր կեանքը ապրիլ նպատակասլաց կերպով: Մեր կեանքին դիմաց ունենալով Քրիստոսը իբրեւ կեանքի հայելի, մեր կեանքը պէտք է արժեւորենք, վերասրբագրենք, վերաքննենք. ապա Արամ Ա. նշեց, թէ Մեծ Պահքը առիթ մըն եւ հրաւէր մեր եկեղեցիէն մեր ժողովուրդին ուղղուած` յանուն Քրիստոսի դառնալով կեանքի աղբիւր: Ամէնօրեայ մտահոգութիւնները, հարցերը, խնդիրները յաճախ կը հեռացնեն մեզ Քրիստոսէն` Քրիստոսի ներկայութիւնը եւ կարեւորութիւնը մեր կեանքի լուսանցքին ձգելով, մինչ Քրիստոս մեր կեանքին առանցքը, լուսարձակը, իմաստը եւ արժէքը պէտք է դառնայ:
Եզրափակելով խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ կեանքի վերածել Քրիստոսի ուսուցումները, Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրիլ մեր կեանքին մէջ: Մեր կեանքին մէջ Քրիստոսը ապրիլ կը նշանակէ ծառայել, մեր ունեցածէն տալ ազգին, եկեղեցիին, դպրոցին, կառոյցներուն, հիւանդներուն եւ կարիքաւորներուն: Մեծ Պահքը յիշեցում մըն է Աստուածաշունչը կեանքի վերածելու, Քրիստոսը` մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձնելու: Կը մաղթեմ, որ մենք` անհատապէս թէ հաւաքաբար, մեր կեանքին մէջ ունենանք Քրիստոսի ներկայութիւնը այժմ եւ յաւիտեան»: