«Հայկական Գաթայի» Փառատօն Ախալքալաքի ՄԷջ

Արդէն 6-րդ անգամ, «Հայկական Գաթա» փառատօնը տեղի ունեցած է նաեւ Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: Քանի մը տարի առաջ ձեռնարկուած գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը վերածուեցաւ սպասուած աւանդոյթի: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ձաւախքի առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւանէն, այս տարի եւս տանտիկինները որոշած էին բոլորը զարմացնել տարատեսակ գաթաներու գեղեցկութեամբ ու հմայքով:
Նախ, հանդիսապետութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեանի ու մասնակցութեամբ Ախալքալաքի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւներ Արժանապատիւ Տէր Եղիշէ աւագ քահանայ Յարութիւնեանի, Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի ու Դիլիսկայի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Տիգրան քահանայ Մխիթարեանի կատարուած է հանդիսաւոր ժամերգութիւն:
Ապա արարողակարգը շարունակուած է Միջինքի եւ աւանդաբար Ջաւախքի մէջ իրականացուող «Հայկական Գաթա» փառատօնի մասին կարճ ակնարկով, որմէ ետք՝ երաժշտական համարով՝ հանդէս եկած է ուխտագնացութեամբ Ջաւախք մեկնած Արմա Գալոյեան: Արդէն երկրորդ տարին է, որ փառատօնին իր ելոյթով կը փայլի Արարատեան Հայրապետական Թեմի «Ծաղկազարդ» խումբը, որ Ջաւախք մեկնած էր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ ու Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Հեգեշնորհ Տէր Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեանի օրհնութեամբ: Համերգային մասի աւարտին՝ հոգեւոր դասի կողմէն կատարուած է գաթաներու օրհնութեան կարգ:
Փառատօնին մասնակից տիկնայք ու աղջիկներ շնորհակալագիրներէն բացի, ՋԱՀ-ին կողմէ ստացան նաեւ գոգնոցներ` Հայկական գաթա տարբերանշանով: Շնորհակալագիրները բաժնելուն` Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին կ’օգնէին Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ կից գործող կիրակնօրեայ դպրոցի սաները: Ձեռնարկին աւարտին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ Հոգեշնորհ Տէր Բաբգէնը: Ան հիւրերուն, աջակիցներուն ու ներկաներուն շնորհաւորեց հերթական փառատօնը իրականացնելու կապակցութեամբ, իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը բերաւ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին` ի դէմս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, ՋԱՀ-ի աշխատակազմին` ի դէմս գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեանի, եւ Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ 2017 թ․ խաչի քաւոր Աղասի Կարաբեկեանին` փառատօնին աջակցելու եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ նեցուկ ըլլալուն համար: Լաւագոյն գաթաներէն մէկը ուղարկուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին` ի նշան ջաւախքցիներու երախտագիտութեան` փառատօնին աջակցելու համար:
Տարիէ տարի փառատօնի մասնակիցներուն թիւը կ’աւելնայ: Այս տարի փառատօնին ներկայացուած էր հինգ տասնեակէ աւելի գաթաներ:
Փառատօնին ներկայ էին Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ախալքալաքի եւ Գումորտոյի քաղաապետ Նիկոլոզ Փաճուաշուիլին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչները, ՋԱՀ-ի գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեանը, պաշտօնեայ այրեր, մշակոյթի գործիչներ, Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան «Զարթօնք», ինչպէս նաեւ «Վաչիան» պարային համոյթները` գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Նասլետ Քեհեան, ուխտաւորներ` Երեւանէն, Գիւմրիէն, եւ Վրաստանի տարբեր շրջաններէն: Գաթայի փառատօններ տեղի ունեցած են նաեւ Ախալցխայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Նինոծմինտայի Սուրբ Սարգիս եւ Խանտոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցիներուն մէջ: