«Հայկական Գաթայի» Փառատօն Ախալցխայի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/գաթա-1.jpg)
Մարտ 22-ին Ախալցխայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ` օրհնութեամբ Վիրահայոց Թեմի առաջնորդ Գերշհ․ Տ․ Վազգէն Եպս․ Միրզախանեանի, քաղաքին մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ «Հայկական գաթա» փառատօնը, որ կը նշուի Մեծ պահքի Միջինքին:
Ձեռնարկին ներկայ էին Վիրահայոց Թեմի Թիֆլիսի պատուիրակութիւնը` Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ, ՋԱՀ-ի գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեան, Ախալցխայի քաղաքապետ Վլատիմիր Զետկինիձեն, խորհուրդի նախագահ Դաւիթ Լոմիձեն եւ շարք մը պաշտօնեաներ եւ հիւրեր:
Ձեռնարկին աւարտին Սրբազան հայրն իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց հաւատաւոր հայորդիներուն եւ օրհնեց հաւատացեալներուն կողմէն պատրաստուած գեղեցիկ գաթաները: «Հայկական գաթա» փառատօնին ներկայացուեցաւ նաեւ Ախալցխայի աւանդական գաթան, որ բոլոր գաթաներու շարքին կը համարուի ամենահամեղը եւ ունի յատուկ պատրաստման եղանակ:
Օրհնուած գաթաները բաժնուեցան ներկաներուն, կը գրէ akhaltskha.net-ը: