Տինքի Սպանութեան Գործով Ձերբակալուած Է 6 Հոգի

Թուրքիոյ մէջ «Ակօս»  շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ, պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործին մէջ նոր զարգացումներ  արձանագրուած են: Սթամպուլի գլխաւոր դատախազութիւնը Տինքի սպանութեան գործով հետաքննութեան ծիրէն ներս 8 հոգիի ձերբակալման որոշում  կայացուցած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Turkiyegazetesi» լրատուական կայքը:

Դատախազութեան ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի վարչութեան դատախազ Կեոքալփ Քեոքչիւն ձերբակալման որոշում  կայացուցած է  այն անձանց նկատմամբ, որոնք կը կասկածուին Տինքի մարդասպան Օկիւն Սամասթի ձերբակալումէն  յետոյ կալանավայրին մէջ առնուած լուսանկարները եւ տեսանիւթերը 2007-ին ու 2016-ին լրատուամիջոներու միջոցով տարածելու մէջ: Լուսանկարներուն մէջ  Սամասթը թրքական դրօշով է, որուն վրայ գրուած են Աթաթուրքի խօսքերը:

Կը նշուի, որ այս պահուն ձերբակալուած է 6 հոգի` լրագրող Մուամմեր Այը, Մուրատ Պայրաքը, Եուքսել Աւան, Պիրոլ Ուսթանօղլուն, Եակուփ Քուրթարանը եւ Ահմեթ Չեթիները: Միւս երկուքը որոնման մէջ են. Կը գրէ ermenihaber.am-ը:

 

Scroll Up