Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան Տաճարին ՄԷջ Կայացաւ Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանի Վերանորոգման Նուիրուած Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Մարտ 22-ին Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանի վերանորոգման նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը` արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ: Արարողութեան ներկայ էին Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասը, այլ երկիրներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, քրիստոնէական եկեղեցիներու առաջնորդներ, բազմաթիւ հաւատացեալներ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, նոյն օրն առաւօտեան Էդուարդ Նալպանտեան այցելեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ:
Այնուհետեւ Նուրհան պատրիարքի եւ նախարար Նալպանտեանի առաջնորդութեամբ հայկական թափօրն ուղեւորուեցաւ Սուրբ Յարութեան տաճար, ուր տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն` նուիրուած Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանի վերանորոգման:
Արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկան Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան, Յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ տիեզերական պատրիարք Բարդուղիմէոսը, Յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ Երուսաղէմի պատրիարք Թեֆոիլոս երրորդը, Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ֆրանչիսկաններու ուխտի Երուսաղէմի առաջնորդ Ֆրանչեսկօ Փաթոնը: Ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձը:
Սուրբ Գերեզմանը քրիստոնէական աշխարհի գլխաւոր սրբավայրերէն է, ուր խաչելութենէն ետք ամփոփուած է Յիսուս Քրիստոսը: Քրիստոսի գերեզմանի, Գողգոթայի Խաչելութեան եւ շարք մը այլ սրբավայրերու վրայ 4-րդ դարուն Բիւզանդիոյ կայսր Կոստանդինոս Մեծը կառուցեց Սուրբ Յարութեան տաճարը: Նախորդ տարուան Մայիսին Սբ. Գերեզմանի իրաւատէր երեք եկեղեցիներու` Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի, Յունաց պատրիարքարանի եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ համատեղ որոշմամբ մեկնարկեցին Սուրբ Գերեզմանի վերանորոգման եւ վերականգնողական աշխատանքները: Ատոնց մէջ ներգրաւուած էին նաեւ հայ ճարտարապետները: Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանը վերջին անգամ վերանորոգուած էր 1808թ.: