Մեր երազն է մեծնալ եւ հայ զինուոր դառնալ. Հայ զինուորին կը գրեն Լիբանանի «Մեսրոպեան» վարժարանի սաները

«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ «Մեսրոպեան» բարձրագոյն վարժարանի 2-րդ և 3-րդ դասարաններու աշակերտներու նամակները ՝ ուղղուած Հայոց բանակի զինուորներուն:
***
Ո՛վ քաջ հայ զինուոր,
Շնորհիւ քու քաջութեանդ, հայրենիքս ապահով կ’ապրի: Դուն կը պաշտպանես մեր քրիստոնէութիւնը: Գիտենք, որ անցեալ տարի թշնամիդ դէմ ճակատ բռնած քաջ ընկերներովդ շպրտեցիր զինք կեանքիդ գնով հայրենիքէդ դուրս:
Անի Թաշճեան
Երրորդ դասարան
Մեսրոպեան վարժարան
***
Բարեւ հայ զինուոր,
Իմ հայրենիքիս պաշտպան: Այս պատճառով կու գամ քեզի, յայտնելու իմ շնորհակալութիւններս, քեզի եւ բոլոր հայ զինուորներուն: Ուրախ եմ որ դուք կաք: Ձեր պատճառով ունինք հզօր եւ անկախ հայրենիք մը: Ես ամէն օր կ’աղօթեմ Աստուծոյ, որ ձեզ պահէ եւ պաշտպանէ: Հպարտ եմ ձեզմով:
Ձեզի միշտ սիրող Ռիթա:
Ռիթա Կէօզիւկիւչիւքեան
Երրորդ դասարան
Մեսրոպեան վարժարան
***
Ես Անդրէաս Տէր Յարութիւննեանն եմ, Լիբանանէն,
Կու գամ ձեզ շնորհաւորելու հայ զինուորներ, որ գիշեր ու ցերեկ կը հսկէք մեր հայրենիքի սահմանները: Դուք յաճախ մեր սահմանին վրայ թշնամիին դէմ զոհ կու տաք վասն հայրենիքի պաշտպանութեան:
Աստուած ձեր ուժը ու քաջութիւնը պահպանէ:
Անդրէաս Տէր Յարութիւնեան
Երրորդ դասարան
Մեսրոպեան վարժարան
***
Ո՛վ հայ զինուոր սիրելի,
Շնորհակալ եմ ես քեզի, որ մեր հայրենիքի սիրոյն պատրաստ ես մինչեւ կեանքդ զոհելու. Գիշեր ցերեկ հսկելով եւ անքուն մնալով, որ մենք եւ մեր հայրենիքը ապրի խաղաղ եւ ուրախ: Ես ալ քեզմէ օրինակ առնելով՝ հայրենիքս կը պաշտպանեմ հայերէն եւ հայոց պատմութեան դասերս լաւ սորվելով:
Սարգիս Նազլիքեան
Երրորդ դասարան
Մեսրոպեան վարժարան
***
Սիրելի՛ հայ զինոուր,
Ես՝ Նաթէլ Էզաճեան երրորդ դասարանի աշակերտուհի Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի, կ’ուզեմ մեծ շնորհակալութիւն յայտնել քեզի, որ ընտանիքդ եւ տաքուկ անկողինդ ձգելով, գիշեր-ցերեկ կը պաշտպանես մեր հայրենիքը: Հպարտ եմ քեզմով, որ կառչած ես հողիդ, կը կռուիս արեանդ գնով զայն պահպանելու համար: Քու շնորհիւդ է, որ այսօր հայրենիքս ապահով ձեռքերու մէջ է: Աստուած հետդ հայ զինուոր: Կ’աղօթեմ քեզի համար, որ մնաս առողջ եւ անփորձանք վերադառնաս ընտանիքիդ:
Նաթէլ Էզաճեան
Երրորդ դասարան
Մեսրոպեան վարժարան
***
Բարե՛ւ, սիրելի՛ հայ զինուոր,
Ես Հրակ Թառայեանն եմ, ութ տարեկան եմ, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի Գ. կարգի աշակերտ եմ եւ հայոց լեզուն ու հայոց պատմութիւնը շատ կը սիրեմ:
Եղբայրս՝ Արեգը, հինգ տարեկան է եւ մեր երկուքին երազն է մեծնալ եւ հայ զինուոր դառնալ, պաշտպանել մեր հայրենիքին սահմանները եւ ազատագրել Հայաստանը բոլոր թշնամիներէն:
Այս նամակովս կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել քեզի, որ կեանքդ կը վտանգես մեր սիրելի հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին համար:
Կ’աղօթեմ, որ Աստուած պահէ, պաշտպանէ քեզ եւ բոլոր հայ զինուորները եւ իրականացնենք մեր բոլորին երազը՝ Ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանը:
Բարեւներս եւ համբոյրներս հասցո՛ւր սիրելի մօրդ, որ ծնած է քեզի պէս հերոս:
Կեցցե՛ն հայ մայրերը:
Հրակ Թառայեան
Երրորդ դասարան
Մեսրոպեան վարժարան
***
Բարեւ սիրելի հողիս պաշտպան հայ զինուոր,
Շատ մեծ հպարտութիւն եւ պարծանք կը զգամ, երբ գիտեմ հայոց սահմանը կը հսկեն ձեզ նման ուժեղ, խելացի, անվախ եւ հայրենասէր զինուորներ:
Հայ հերոսներ, շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել ձեզի, որ հակառակ ձմրան սաստիկ ցուրտին դո՛ւք կանգնած՝ կը պաշտպանէք մեր սահմանները թշնամու ձեռքէն:
Դուք որ ձեր կեանքի գնով կը պահէք մեր սուրբ հողը, գիտեմ որ ձեր ուսերուն վրայ կը կրէք ազգին ապահովութիւնը: Առանց ձեզ չկայ ո՛չ ազգ, ո՛չ պետութիւն:
Կը խնդրեմ Աստուծմէ, որ միշտ ձեզի հետ ըլլայ եւ կատարէք ձեր սուրբ երդումը եւ ողջ առողջ վերադառնաք ձեր ծնողներուն եւ սիրելիներուն:
Բոլոր սրտովս կը մաղթեմ Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեզի հետ ըլլայ: Յաւերժ փառք ձեզի հայ զինուորներ:
Սէրլի Թէրզեան
Երրորդ դասարան
Մեսրոպեան վարժարան
***
Իմ սիրելի հայ զինուոր,
Դուն ես պաշտպանը մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին, հեռու ես ընտանիքէդ եւ ծնողքէդ, արթուն աչք մը ըլլալով քու հայրենիքդ կը պաշտպանես մեր թշնամիներէն:
Սիրելի՛ զինուոր քեզի կը մաղթեմ յաւելեալ յաղթանակներ եւ անվնաս վերադարձ քո մօր գիրկը:
Դալար Մայիսեան
Երրորդ դասարան
Մեսրոպեան վարժարան
***
Սիրելի հայ բանակին զինուոր,
Ես Լորի Նիքոլեան, 8 տարեկան, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան յաճախող աշակերտուհի, հպարտ եմ քեզմով: Դուն մեր հայրենիքը պաշտպանող թշնամիին դէմ: Հայ զինուոր, քաջ զինուոր, Աստուած օրհնէ քեզ ու քու կամքդ զօրաւոր պահէ:
Լորի Նիքոլեան
Երկրորդ դասարան
Մեսրոպեան վարժարան
***
Բարեւ մեր սիրելի Արցախի զինուորներ,
Դուք մեր հայերուն պահապան հրեշտակն էք: Շատ շնորհակալ ենք, որ դուք ներկայ էք եւ կը պաշտպանէք մեզի, որպէսզի հանգիստ քնանանք: Դուք մեր հպարտութիւնն էք եւ Աստուած ձեզ թող միշտ պահապան ըլլայ՝ բարի եւ անփորձանք ծառայութիւն կը մաղթեմ իմ քաջ զինուորներուն:
Անթոնի Արզումանեան
Երկրորդ դասարան
Մեսրոպեան վարժարան
***
Սիրելի հայ զինուոր,
Գիտեմ որքան քաջ եւ հայրենասէր ես, քանի որ հայ ես: Աստուած փրկէ քեզ: Երբ մեծնամ քեզի պէս զինուոր պիտի ըլլամ, որպէսզի պաշտպանեմ իմ հայրենիքս:
Ռայան Իտ
Երկրորդ դասարան
Մեսրոպեան վարժարան
***
Ո՛վ հայ, քաջ զինուորներ,
Ձեր արիւնը անմահ է: Սիրտն է հայ ժողովուրդին որ քաջ զինուորներ, որ ձեր հայրենիքը գիշեր-ցերեկ կը պաշտպանէք: Աստուած ձեզ օրհնէ եւ պահպանէ մեր թշնամիներէն: Դուք էք Հայաստանի փայլուն լոյսն ու աստղը: Կամք եւ ուժ ըլլայ ձեր վրայ: Դուք էք սարերը մեր, յաղթող դրօշակները: Բայց մեր միասնական ուժը բանալին է յաղթութեան: Իբրեւ իմ վերջին խօսքս ձեզ հայ ու քաջ զինուորներ յաջողութիւն բերէ Աստուած ձեր հոգիներուն մէջ:
Լարա Գասէմճեան
Երկրորդ դասարան
Մեսրոպեան վարժարան