Ձեռնարկ Լիբանանի Մէջ Միջինքի Առիթով

Երկու հարիւր ներկաներու համար ուրախալի պահ էր  գտնուիլ Լ.Օ.Խ.-ի Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան Միջինքի առիթով կազմակերպած ճաշկերոյթին, «Քատիրի» պանդոկի «Քրիստալ» սրահին մէջ:

Արդ, Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2017-ին,  կէսօրուան ժամը 12:00-ին, քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք,  բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին: Ապա վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ֆիմի Տէմիրճեան, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան, Պէյրութէն, Այնճարէն եւ Զահլէէն եկած միութիւններու եւ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն, որոնց ներկայութիւնը յաւելեալ փայլք  տուաւ ձեռնարկին, ինչպէս նաեւ եղաւ քաջալերանք  «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան մարդասիրական ծառայութիւններուն եւ այլ աշխատանքներու շարունակականութեան, Զահլէ-Շթորա հայկական շրջանակէն ներս:

Ճաշի մատակարարութեան ընթացքին, կիթառի վրայ կենդանի նուագները ստեղծեցին հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտ:

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութեան վաճառք, ապա վիճակաձգութիւն:

Եղան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ ներկաներու կողմէ:

Աղբիւրը՝ lokh-arcl.org

img-20170320-wa0006 img-20170320-wa0007

Scroll Up