Հայկական Կղզի Վենետիկի Մէջ․ Euronews

Հայերը ժառանգութիւն ձգած են ամբողջ Եւրոպայի տարածքին:
Մխիթարեաններու հայկական կաթոլիկ միաբանութիւնը, որ այդ ժառանգութեան ամենավառ օրինակներէն է, այս տարի կը նշէ Եւրոպայի ամենապաշտամունքային քաղաքներէն մէկուն մէջ իր ներկայութեան 300-րդ տարեդարձը: Այս մասին կ՛ըսուի Սուրբ Ղազարոս հայկական կղզիի մասին յօդուածին մէջ, որ հրապարակուած է Euronews կայքին մէջ, կը գրէ «Արցախփրես»-ը:
«Սան Զաքարիայէն Վենետիկի ամենաուշագրաւ անկիւններէն մէկը ջերմանաւ կը մեկն: Այս եզակի անկիւնը կը կոչուի Սան Լազարօ –տէյլի-Արմենին կամ ալ Սուրբ Ղազարոսի հայկական կղզի: Այս տարի կը լրանայ 300-րդ տարին, երբ կղզին դարձած է Մխիթարեան միաբանութեան տունը»,- կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Յօդուածը կը պատմէ նաեւ Մխիթար Սեբաստացիի մասին, որ ծնած է Սեբաստիա 1676-ին: Ան ուղեւորուած էր Կ․Պոլիս, ուր անոր շուրջ հաւաքուած էր աշակերտներու խումբ մը, որ 1701-ին վերածուած էր վանական համայնքի: Բախելով իշխանութիւններու դիմադրութեան` վանահայր Մխիթարը ու անոր հետեւորդները տեղէ տեղ կը տեղափոխուէին` սկիզբը Յունաստան, իսկ յետոյ ալ` Վենետիկ, ուր Մխիթար կը յաջողի նուէր ստանալ Սուրբ Ղազարոս փոքր կղզին:
«Յաջորդ դարերու ընթացքին Մխիթարեան միաբանութիւնը խոր ազդեցութիւն կը ձգէ գիտութեան, կրթութեան ու հրատարակչական գործի վրայ` թէ ընդհանուր Եւրոպայի, թէ հայոց աշխարհի մէջ»,- կը նշուի յօդուածին մէջ:
Առայսօր եկեղեցին կը շարունակէ գիրքեր հրատարակել: Վենետիկը աշխարհի երկու քաղաքներէն մէկն է, որ կրնայ պարծենալ, որ 300 տարի շարունակ տարեկան գոնէ մէկ հայերէն գիրք կը հրատարակուի:
Այդ հոգեւորականներու ջանքերուն ու գործունէութեան շնորհիւ յայտնուած են հին ձեռագիրներու առաջին հրատարակութիւնները, եւրոպական ստեղծագործութիւններու թարգմանութիւնները, հայկական ժառանգութիւնը ցուցադրուած է Եւրոպայի ու անոր սահմաններէն դուրս:
«Մխիթարեաններու միաբանութիւնը միշտ կապող կամուրջ եղած է Հայաստանի ու Եւրոպայի միջեւ»,- կ՛ըսէ Տէր Սերոբ Ջամուրլեան:
Սակայն միաբանութեան աւելի կարեւոր դերակատարումներէն եղած է լեզուի ու ինքնութեան զարգացման նպաստելը: Մխիթարեան միաբանութիւնը առաջինն է, որ հրատարակած հայոց լեզուի ժամանակակից բառարաններ: Մենք Վենետիկի հայ հոգեւորականներուն պարտական են նաեւ հետազօտութեան ու կրթութեան նկատմամբ ժամանակակից գիտական մօտեցումներուն համար: