Դամասկոսի Մէջ Հրթիռակոծման Հետեւանքով Հայ Ընտանիքի Մը Բնակարանը Հրկիզուած Է

“Գանձասար” կը հաղորդէ, որ այսօր առաւօտեան Դամասկոսի Ճոպար թաղամասին վրայ զինեալ ահաբեկիչներուն արձակած հրթիռներուն հետեւանքով Փամպուքեան ընտանիքին բնակարանը, որ կը գտնուի Ֆարէս Խուրի պողոտային վրայ, հրկիզուած է:

Ակումբի հայ տղաքը յաջողած են ընտանիքի անդամները տեղափոխել իրենց եղբօր բնակարանը՝ Ճարամէնէ:
Նշենք, թէ Ֆարէս Խուրի հրապարակին վրայ 10-15 հայ ընտանիք կը բնակի: Ակումբի տղաքը կապ հաստատած են բոլոր ընտանիքներուն հետ: Անոնք չեն լքած իրենց բնակարանները եւ ապաստանած են աւելի ապահով սենեակներ:

Scroll Up