Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Մը Ունեցած Է Ֆինլանտիոյ Հայ Համայնքին Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/ֆինլանդիա.jpg)
Մարտ 19-ին, Ֆինլանտա կատարած միջեկեղեցական այցի ծիրէն ներս, Հելսինքիի Լութերական-Աւետարանական Մայր Տաճարի սրահին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ Ֆինլանտիոյ հայ համայնքին հետ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգէն:
Հանդիպման ներկայ էին Նորին Սրբութեան ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներ Մայր Աթոռի աստուածաբանական ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններու վերատեսուչ Գերաշնորհ Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան, Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի պատասխանատու Հոգեշնորհ Տ. Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեան, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սքանտինաւիոյ երկիրներու Հայրապետական պատուիրակ Հոգեշնորհ Տ. Տիրան վարդապետ Պետրոսեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան եւ Նորին Սրբութեան գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տ. Աղան աբեղայ Երնջակեան, ինչպէս նաեւ Շուէտի ու Ֆինլանտայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Արտակ Ապիտոնեան:
Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սքանտինաւիոյ երկիրներու Հայրապետական պատուիրակը, յանուն Ֆինլանտայի հայ համայնքին, իր որդիական շնորհակալութեան ու բարիգալստեան խօսքն ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին` ընդգծելով այն դրական տեղաշարժերն ու զարգացումները, որ տեղի ունեցած էին Ֆինլանտայի հայորդաց կեանքին մէջ վերջին քանի մը տարիներուն:
Այնուհետեւ հայ համայնքին հետ հանդիպման համար իր ուրախութիւնը յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` յատկապէս կարեւոր համարելով համայնքի կազմակերպուածութեան ու համախմբման ոգին: Վեհափառ Հայրապետն իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ. «Գոհունակութիւն Հայրապետիս համար` տեսնելու, որ այսօր արդէն Ձեր կողքին են ոչ միայն եկեղեցականներն ու ձեր հովիւները, այլեւ հայրենի իշխանութեանց ներկայացուցիչները` ի դէմս մեծարգոյ դեսպան տիար Արտակ Ապիտոնեանի: …Մեր մաղթանքն է, որ դուք մօտ ապագային եւս կարենաք համախմբուիլ ու կազմակերպուիլ` պահպանելու համար ձեր հայ քրիստոնէական ինքնութիւնը, ազգային արժէքներու ու մայրենի լեզուի հանդէպ նախանձախնդրութիւնը փոխանցելով ձեր զաւակներուն»:
Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը, օրհնելով հայ համայնքի ներկայացուցիչները, նաեւ լսեց անոնց առաջարկները եւ պատասխանեց ներկաներու հարցերուն: