«Մէկ Պնակ Տաք Ճաշ». Նոր Նախաձեռնութիւն

2017 թուականի Մարտին մեկնարկեց «Մէկ պնակ տաք ճաշ» նախաձեռնութիւնը, որուն ծիրէն ներս  Արարատի մարզի Նորամարգ գիւղի շուրջ 400 բնակիչ, որպէս օգնութիւն, ստացաւ սնունդ: Ծրագիրին մասին «Հայերն այսօր»ի թղթակիցը զրուցած է նախաձեռնող Գաբրիէլ Փանոսեանի հետ: 

Պարո՛ն Գաբրիէլ, ինչպէ՞ս ծագեցաւ ծրագիրը նախաձեռնելու միտքը, եւ ո՞րն է նպատակը:

–  «Մէկ պնակ տաք ճաշ» նախագիծին մասին սկսայ մտածել ձմեռը, երբ այցելեցի Նորամարգ ու տեսայ մարդոց, որոնք մնացած էին առանց աշխատանքի եւ ապրուստի: Երբ հարցուցի` ի՞նչ կը սպասէք, պատասխանեցին` Աստուծոյ ողորմութեան: Տուն վերադարձայ ու որոշեցի, որ ինչ-որ բան պէտք է ձեռնարկել այդ մարդոց օգնելու համար: Մտածեցի, որ այդ մարդիկ տաք ճաշի կարիքը ունին: Դիմեցի երեք ծանօթներու, որոնք համաձայնեցան նուիրատուութիւն կատարելու: Ապա ծրագիրին մասին յայտնեցի գիւղապետին, որ ողջունեց նախաձեռնութիւնը եւ տուաւ գիւղի ամենակարիքաւոր մարդոց ցուցակը: Քանի որ գիւղին մէջ հողատարածք ունիմ, որոշեցի այնտեղ ճաշարան բանալ եւ ամէն օր գիւղի հարիւր բնակիչներուն տաք ճաշ բաժնել: Սակայն հասկցայ, որ դժուար ու ժամանակատար աշխատանք է, ուստի որոշեցի ճաշը պատրաստել ու ըսել գիւղացիներուն, որ գան-տանին: Պտըտելով գիւղին մէջ` նկատեցի, որ գիւղացիին յարմար չըլլար ամէն օր մօտ երեք քիլոմեթր ճանապարհ կտրել եւ անբարեկարգ ճանապարհներով ճաշը տանիլ իրենց տուն: Հասկցայ, որ ամենաճիշդ տարբերակը սնունդը գիւղացիներուն բաժնելն է: Անցած շաբաթ սնունդ բաժնեցինք խիստ կարիքաւորներուն, իսկ Մարտ 15-ին`  մօտ 65 ընտանիքի:

Որոնք  ներգրաւուած են աշխատանքներուն մէջ, եւ ի՞նչ միջոցներով կ’իրականացնէք աշխատանքները:

– Աշխատանքն իրականացուած է իմ եւ բարեկամներուս միջոցներով: Որպէս օգնութիւն` տուինք բրինձ, ալիւր, մաքարոնեղէն, ձէթ եւ քարթոֆիլ: Փաթեթաւորման ու օգնութիւնը բաժնելու հարցով մեզի օգնեցին «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի անդամները, որոնք սիրայօժար եկան  եւ մօտ հինգ օր միասին պատրաստեցինք ու բաժնեցինք օգնութիւնը: Առիթը օգտագործելով` կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել անոնց, որ ուրախութեամբ եկան, եւ օգնեցին ինծի իրականացնելու այս ծրագիրը:

Պարոն Գաբրիէ՛լ, արդեօ՞ք շարունակական բնոյթ պիտի ունենայ այս նախաձեռնութիւնը: Յետագայ ի՞նչ նմանատիպ ծրագիրներ ունիք:

– Այս ծրագիրին տեւողութիւնը երկու ամիս է, եւ եթէ նուիրատուներ գտնենք, ապա այն միանշանակ շարունակական բնոյթ կը կրէ: Ինչ կը վերաբերի նոր ծրագիրներու, նշեմ, որ երբ օգնութիւն կը բաժնէի, մտածեցի, որ գիւղացիներուն կարելի է քարթոֆիլի սերմ տրամադրել, որպէսզի ցանեն իրենց հողատարածքներուն մէջ ու ողջ տարուան համար քարթոֆիլ ունենան: Քարթոֆիլի սերմ ցանկացող գիւղացիներուն հերթագրուելէն ետք` նաեւ ատիկա կը բաժնենք:

Զրուցեց Արփի Թիլիքեան

 

%d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b7%d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b71 %d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b72%d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b73 %d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b74%d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b75 %d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b76%d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b77 %d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b78%d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b79 %d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b710%d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b711 %d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b712%d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b714 %d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b715 %d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%b6%d5%a1%d5%af-%d5%bf%d5%a1%d6%84-%d5%b3%d5%a1%d5%b716

 

Scroll Up