Աշխարհահռչակ Երաժիշտ Եւկէնի Գիսին Ամուսնացած է Հայուհիի Հետ

Աշխարհահռչակ դաշնակահար Եւկէնի Գիսին ամուսնացած է հայուհի Կարինէ Արզումանովայի հետ: Այս մասին կը գրէ «Новости классической музыки»-ն: Հարսանիքը տեղի  ունեցած է Մարտ 10-ին Փրակի մէջ, ուր Արզումանովան կ´ապրի: Ըստ լրատուամիջոցին` Գիսին եւ Արզումանովան ծանօթ են մանուկ հասակէն:

Գիսին ժամանակակից ամենաթանկ վարձատրուող երաժիշտներէն է: Ան հիւրախաղերով կը շրջագայի ամբողջ աշխարհով, ելոյթ կ´ունենայ աշխարհի յառաջատար նուագախումբերու հետ:

Գիսին  յայտնի է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշմամբ: Ան խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ` 1915 թուականի գործողութիւնները: 2015 թուականին New York Times-ին տուած իր հարցազրոյցին ընդգծած է, որ ելոյթ չունենար Թուրքիոյ այնքան ժամանակ, քանի դեռ երկիրը չէ ընդունած իր յանցագործութիւնը, կը գրէ armtimes.com-ը:

 

Scroll Up