Հակառակորդը Հրադադարը Խախտած է Աւելի Քան 35 Անգամ

Մարտ 16 լոյս 17-ին Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է աւելի քան 35 անգամ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 450 կրակոց:

ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագծի վրայ եւ իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն:

Scroll Up