Պոլսահայ Ճարտարապետներ` Պալեաններու Տոհմը Ռումանահայ Քրմզեան Եղբայրներու Աչքերով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/63665.jpg)
Ռումանահայ «Արարատ» հանդէսը յատուկ յաւելուած մը թողարկած է Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի հայկական գերեզմանատան Օսմանեան կայսրութեան նշանաւոր հայ ճարտարապետներ Պալեաններու տոհմական դամբարանի վերականգնման մասին:
Այն նախաձեռնած եւ հովանաւորած են ռումանահայ Հրաչ/Անոյշ եւ Յակոբ Քրմզեան եղբայրները: Քրմզեաններու ծնողները` Շնորհիկ եւ Վահրամ Քրմզեանները, ծնունդով պոլսեցիներ են, գաղթի տարիներուն հաստատուած են Ռումանիա: Հրաչն ու Յակոբը ծնած են Փլոյեշտի մէջ, 1952թ. մեկնած են Պոլիս, որոշ ժամանակ ապրած ու ուսանած այնտեղ, այնուհետեւ տեղափոխուած Փարիզ: Եղբայրներուն խօսքերով, «Իրենք տարբեր պիտի ըլլային, եթէ Պուխարեստէն միանգամէն փոխադրուէին Փարիզ», սակայն Պոլիս խորապէս ազդած է անոնց վրայ, այնտեղ անոնք ուսանած եւ հաղորդակցուած են տոհմիկ կեանքին, իսկական բարեկամութեան, հոգեւոր արժէքներուն: Այդ ժամանակներէն ի վեր փոխնիփոխ Պուխարեստի եւ Փարիզի մէջ ապրող գործարար եղբայրները յաճախ կ´այցելեն Պոլիս: Արդէն հանգիստի անցած Հրաչը, որ դեռ ուսանողական տարիներուն յայտնագործած եւ զմայլուած էր Պոլսոյ մէջ Պալեաններու շքեղ կառոյցներով, որ թուրքերը սովորաբար կը ներկայացնէին որպէս իտալացի Պալիանիներու գործեր, 2013թ. Սկիւտարի գերեզմանատան իրենց ընտանեկան հանգստարան այցելելուն, քիչ հեռու կը նկատէ Պալեաններու անխնամ դամբարանը եւ եղբօր հետ կ´որոշեն զայն վերականգնել: Սկիւտարի Սբ Խաչ եկեղեցւոյ քահանայի խորհուրդով, անոնք կը կապուին սթամպուլցի ճարտարապետ Գէորգ Օզկարագեօզի հետ: Վերջինիս համակարգմամբ Պոլսոյ Հայ ճարտարապետներու ընկերակցութեան ներքոյ կը կազմուի ճարտարապետներու խումբ մը (Դաւիթ Այնալի, Նազար Պինաթլի), որուն կը միանայ նաեւ Հայաստանի ճարտարապետութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Գրիգորեան: 2014-ին կ´ըլլան նախագիծեր, կը ձեւակերպուին անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որուն սկիզբէն ի վեր պատրաստակամութեամբ կ´օգնէ Սթամպուլի քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշը: Դամբարանի վերականգնումը կը տեւէ երեք տարի` սկսելով 2014-էն եւ աւարտելով 2016թ. Հոկտեմբերին:
«Աշխատանքներու աւարտէն եւ դամբարանի բացումէն ետք ես եւ Յակոբը խոր բաւարարութեան զգացում ապրեցանք,- կ´ըսէ Հրաչ Քրմզեան,- որովհետեւ մենք կ´ուզենք յիշուիլ որպէս հայութեան մարդկային եւ բարոյական արժէքներու պահապաններ: Պալեաններու տոհմը կենդանի վկայութիւն է այն բանին, որ փոքրամասնական ժողովուրդները եւ ազգերը մեծ ներդրում ունեցած են որոշ երկիրներու զարգացման մէջ եւ կ´ապացուցեն, որ մենք խոր արմատներ ունինք Թուրքիոյ մէջ եւ ոչ մէկը կրնայ ըսել, թէ երկինքէն ինկած ենք այստեղ»:
Ըստ անոր, մօտ տաս տարի առաջ թուրք լրագրող մը կը գրէր, թէ եթէ Պալեաններու շէնքերն ու շինութիւնները հանենք Պոլիսէն, քաղաքը տկլոր կը մնայ: Քրմզեանները կը գտնեն, որ դամբարանը կառուցելէ ետք յաջորդ սերունդներուն կը մնայ անոնց ստեղծագործ հանճարը եւ յիշատակը յարգելու եւ յաւերժացնելու պարտքը: