News Deeply Մետիա-Կայսրութեան Ետեւը Կանգնած Է Հայուհին
Լարա Սեդրակեան մետիա-կայսրութիւն կը ստեղծէ: 33 ամեայ հայ կինը պատրաստ է յեղափոխել լրատուական ոլորտը: Անոր կեանքի ու գործունէութեան մասին կը գրէ mashable-ը:
3 տարի առաջ ան դարձած է News Deeply լրատուական ընկերութեան համահիմնադիր. այդ ընկերութիւնը կեդրոնացած է գլխաւոր լուրերու առարկայական-խորը ընկալման մէջ:
Մրցանակակիր News Deeply-ն խիստ հաշուետուութիւններով եւ ժամանակակից ձեւաւորումով յագեցած լրատուական նորարարական հարթակ է,որ իր առջեւ նպատակ դրած է բարդ աշխարհը ընթերցողին համար աւելի պարզ ներկայացնելը:
2012 թուականէն Սուրիոյ հիմնախնդրի վրայ կեդրոնացած կայքը դարձաւ աճող հակամարտութեան մասին հիմնական միջոցն ու տեղեկատուութեան աղբիւրը:
Անոր խումբը սկսած է ամենահաւակնոտ լրատուական նախագիծերէն մէկը` փախստականներու մասին Refugees Deeply-ն, որ կեդրոնացած է ողջ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ փախստականներու ճգնաժամի ձգած համաշխարհային ազդեցութեան վրայ:
Այսօր կայքը մեծ արագութեամբ կը ծաւալուի, աշխատակիցներու թիւը կը մեծնայ, իսկ վենչուրային ֆինանսաւորումը հասած է 2.5 միլիոն տոլարի:
News deeply-ն շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որն իր առաքելութիւնը կը համարէ նաեւ աշխարհի վրայ դրական ազդեցութիւն ձգելը:
Կայքը ուսումնասիրելուդ քանի մը հիմնական խորագիրներ կը տեսնէք` Սուրիա, Արկտիկա, Ջուր, Փախստականներ, Կանայք եւ աղջիկներ: Խումբը շատ մեծ աշխատանք կը տանի, եւ երբ այդ հիմնախնդիրը քիչ թէ շատ կը լուծուի, տուեալ խորագիրը կը հեռացնեն:Օրինակ` «Էպոլա deeply»-ն փակեցին 2016-ին` միայն այն հարցէն ետք երբ ատոր բռնկումը մարեցաւ Գինէայի մէջ:
«Սեդրակեանի հետ խօսելուն դժուար է հաւատալ, որ ան ընդհանրապէս կը վախնայ ինչ-որ բանէ: Ան արդէն լուսաբանած է այնպիսի դէպքեր, ինչպիսին Արաբական գարունն է»,-Ankakh.com-ի փոխանցմամբ` կը գրէ կայքը:
Լարա Սեդրակեանի ծնողները ԱՄՆ տեղափոխուած են Հայաստանէն:Ան ուսանած է Հարվըրտի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած Պէյրութ, ուր ալ սկսած է ծաւալել իր գործունէութիւնը: Լարան 6 լեզու գիտէ, ներառեալ` հայերէն: