Քահանայից Ժողով Ջաւախքի Մէջ

Նոյեմբեր 22-ին Վիրահայոց թեմի Սամցխէ-Ջաւախք-Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան կեդրոնին մէջ` Ախալքալաքի մէջ, տեղի ունեցաւ հոգեւոր դասի ընդլայնուած ժողով, որուն կը մասնակցէին նաեւ աշխարհիկ պաշտօնեաներ:

ժողովը կը նախագահէր Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սամցխէ-Ջաւախք-Ծալկա տարածաշրջանի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Բաբգէն վրդ. Սալբիյեան:

Ան, ողջունելով առաջնորդն ու քահանայ հայրերը, ներկայացուց ժողովի օրակարգը եւ քահանաներուն հնարաւորութիւն տուաւ ներկայացնելու անցեալ 6 ամսուան աշխատանքները:

Ընթացակարգային հարցերու քննարկումէն առաջ  Վիրահայոց թեմի առաջնորդը Տ. Տիգրան քահանայ Մխիթարեանին փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ շնորհուած` Հայոց բանակի 20-ամեակին նուիրուած յուշամետալ` լաւագոյն ծառայութեան համար:

Քահանայական ժողովին կը մասնակցէին տարածաշրջանին մէջ իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը մատուցող  բոլոր  հոգեւոր սպասաւորները, որոնք ներկայացուցին իրենց կատարած աշխատանքները:  Քննարկուեցան բազմաբնոյթ  հարցեր` կապուած հոգեւոր կեանքի զարգացման հետ:

Խօսուեցաւ Ջաւախքի մէջ վերջին տարիներուն ընթացքին վերաբացուող եկեղեցիներու մասին: Հոգեւոր կեանքէն ներս արձանագրուեցաւ յառաջընթաց`  շնորհիւ քահանաններու ջանադիր եւ տքնաջան  աշխատանքին:

Հոգեւոր դասի կողմէ բարձրացուեցան  քանի մը կազմակերպչական խնդիրներ, որոնք առաջնորդը եւ փոխանորդը ստանձնեցին լուծել: Թեմի առաջնորդը կարեւոր համարեց տարածաշրջանին մէջ կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոններու գործունէութիւնը, հոգաբարձուներու խորհուրդի հաստատումը եւ Թիֆլիսի մէջ «Հայարտուն» կեդրոնի օրինակով ձեռնարկներու կազմակերպումը:

Ուրախութեամբ շեշտուեցաւ, որ մօտ ապագային Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի կեդրոնները պիտի համալրուին եւս մէկով` Նինոծմինդայի Ղարսլեան կեդրոնով, որու հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 30-ին:

Վիրահայոց թեմի  առաջնորդի եւ Սամցխէ-Ջաւախքի առաջնորդական փոխանորդի կողմէ յանձնարարութիւն տրուեցաւ, որ համայնքներէն ներս աշխուժացնեն կրթամշակութային գործունէութիւնը, ինչ որ  հնարաւորութիւն կու տայ համայնքներուն մէջ եկեղեցական կեանքը ա´լ աւելի աշխուժացնել:

Քահանայից հերթական ժողովը ամփոփուեցաւ Սրբազան հօր պահպանիչ աղօթքով:

Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւան

Scroll Up