Լեհաստանի ՄԷջ Հայկական Ձեռագիրներու Ցուցահանդես Պիտի Բացուի

Լեհաստանի Քիելցէ քաղաքին մէջ պիտի բացուի հայկական ձեռագիրներու ցուցահանդէս կը հաղորդէ Radio Kielce-ն:
Աղբիւրին հաղորդմամբ, ձեռագիրները եւ աւետարանները համաշխարհային նշանակութեան բացառիկ յուշարձան են` հայերու համար նոյնքան սրբութիւն, որքան ուղղափառներու համար սրբապատկերները:
Ձեռագիրները արտագրողները, մանրանկարիչները, կազմարարները, թարգմանիչները Հայաստանի մէջ միշտ պատուելի եղած են: Այս ձեռագիրները հայերուն օգնած են իրենց ինքնութիւնը պահպանելու անկախութեան կորուստի տարիներուն:
«Հայկական արուեստը կը բնութագրեն գոյները, հայեացքները, խորհրդանիշները եւ մարդոց իւրայատուկ պատկերումը»,- ըստ «panarmenian.net-ի՝ ըսած է Քիելցէի Ժողովրդական թանգարանի աշխատակից Պաւել Գժեսիկը:
Լեհաստանի մէջ այսպիսի շատ ձեռագիրներ եղած են, սակայն միայն մօտ 20 ձեռագիր պահպանուած է: Ատոնք կը պահուին Վարշաւայի Ժողովրդական գրադարանին, Կրաքովի Ժողովրդական թանգարանին եւ Վրոցլաւի Օսօլինսքիի անուան ազգային գրադարանին մէջ: