Մայրենիի Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ Տիւմէնի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Հայկական Մշակոյթի Կեդրոնին ՄԷջ

Փետրուար 26-ին Տիւմէնի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական մշակոյթի կեդրոնին մէջ (Տիւմէնի մարզի «Հայաստան» հայկական մշակութա-լուսաւորչական հասարակական կազմակերութեան կից գործող, նախագահ` Հ. Փաշայեան) տեղի ունեցաւ գեղեցիկ ձեռնարկ` նուիրուած Մայրենիի օրուան:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Ալվան Պօղոսեան, ձեռնարկին նպատակը երեխաներուն մայրենիի նկատմամբ սիրոյ, նուիրուածութեան զգացումի դաստիարակումն էր:
Օրուան «հերոսներն» էին Տիւմէնի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական մշակոյթի կեդրոնի եւ Տիւմէնի ստեղծագործական զարգացման եւ հումանիտար կրթութեան «էթնոս» մանկական կեդրոնի հայկական խումբի սաները (ուսուցիչներ` Ա. Պօղոսեան, Ռ. Դանիէլեան, Ս. Սիմոնեան):
Ձեռնարկը բովանդակային առումով կ’ընդգրկէր ոսկեդարէն այսօր երկարող շղթան: Կեդրոնի սաները հանդիսատեսին ներկայացուցին մայրենիի ծագման, անցած ուղիին, զարգացման մասին: Հնչեցին բանաստեղծութիւններ` նուիրուած մայրենիին, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար մտածողներու ասոյթներ հայոց լեզուի մասին: Երեխաները արժեւորեցին լեզուի դերը` որպէս ազգապահպան գործօն, երդուեցան անաղարտ պահելու մայրենին, նպաստելու անոր զարգացման: «Հայկական տառերու գիւտը» ներկայացումով հանդէս եկան կեդրոնին մէջ գործող թատերական խումբի սաները (ղեկ.`Բագրատ Թադեւոսեան): Ձեռնարկը համեմուեցաւ հայկական երգ ու պարով:
Աղունիկ Նանայեան (կեդրոնի կազմակերպչական մասի պատասխանատու անձ) իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց ձեռնարկին ներկայ գտնուող հիւրերուն եւ աւելցուց, որ մեր լեզուն մեր ժողովուրդին պահպանած է դարերու ընթացքին ու օգնած պահպանելու հայու ինքնութիւնը:
Ծնողներուն կողմէ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Ռ. Սարգսեան.
«Կը շնորհաւորենք բոլոր ներկաները եւ անկեղծօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս գեղեցիկ ձեռնարկի կազմակերպիչներուն: Ծնողներուն կողմէ խորին շնորհակալութիւն անոնց, որոնք իրենց ներդրումն ունեցան հայկական այս յարմարաւէտ կրթօճախի ստեղծման հայրենանուէր գործին մէջ, յանձինս` Սերկօ Ստեփանեանի, Համլէտ Փաշայեանի:
Այժմ այստեղ մեր երեխաները ունին բոլոր հնարաւորութիւնները` գրել-կարդալ սորվելու, մասնակցելու այսպիսի ձեռնարկներու, արտասանելու, երգելու միմիայն հայերէնով»: