Հայաստանի եւ Լիբանանի ԱԳ Նախարարները Ուղերձներ Փոխանակած են Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու 25-ամեակին Առիթով
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց եւ գաղթականութեան նախարար Ժպրան Պասիլ ուղերձներ փոխանակած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Էդուարդ Նալպանտեան իր ուղերձին մէջ նշած է, որ աշխարհի մէջ քիչ են այնպիսի երկիրները, որոնք կապուած են այնքան բազմաթիւ թելերով, որքան Հայաստանը եւ Լիբանանը: Մեր բարեկամութիւնը խարսխուած է պատմական խոր առնչութիւններու, մշակութային հինաւուրց կապերու եւ այն ջերմութեան վրայ, որ երկու ժողովուրդները աւանդաբար կը տածեն իրարու հանդէպ: Նախարար Նալպանտեան կ՝ընդգծէ, որ լիբանանահայ հոծ համայնքը այդ կապերու ամրապնդման եւ զարգացման կարեւորագոյն գրաւականներէն մէկն է:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ այս ամուր հիմքերուն վրայ քառորդ դար առաջ ձեւաւորուեցան եւ զարգացան մեր երկիրներուն միջպետական յարաբերութիւնները, որոնք կ՝առանձնանան փոխվստահութեամբ ու իրարու հանդէպ խոր յարգանքով: Նախարար Նալպանտեան նաեւ նշած է, որ այսօր, հաւանաբար, չկայ այնպիսի ոլորտ, որ ներառուած չըլլայ հայ-լիբանանեան համագործակցութեան լայն դաշտին մէջ:
Մեծապէս կարեւոր համարելով մեր երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած աւանդական ջերմ յարաբերութիւնները` Էդուարդ Նալպանտեան վստահութիւն յայտնած է, որ համատեղ ուժերով պիտի կարենանք նպաստել բազմաշերտ փոխգործակցութեան առաւել սերտացման եւ խորացման:
Ժպրան Պասիլ իր ուղերձին մէջ նշած է, որ անցած քսանհինգ տարիներուն, չնայած համաշխարհային քաղաքականութիւնը ականատես եղած է բազմաթիւ փոփոխութիւններու, Լիբանանի եւ Հայաստանի բարեկամական համագործակցային յարաբերութիւնները առաւել ամրապնդուած են եւ սերտացած` մեր երկիրներու կենսական շահերուն առնչուող խնդիրներուն շուրջ փոխադարձ աջակցութեամբ եւ տարբեր ոլորտներու մէջ սերտ համագործակցութեան աշխուժացումով: Նախարար Պասիլ ընդգծած է, որ մեր երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները կը պահպանեն համապարփակ զարգացման դրական ընթացքը, որմով լիբանանեան կողմը միանգամայն բաւարարուած է:
Լիբանանի արտաքին գործոծ նախարարը շեշտած է, որ 2017 թուականը ոչ միայն հնարաւորութիւն է` տօնելու այս կարեւոր հանգրուանը եւ մեր ձեռքբերումները, այլեւ լաւ առիթ է` ուրուագծելու եւ առաւել խթանելու մեր երկկողմ յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը:
Նախարար Պասիլ իր ուղերձին մէջ վերահաստատած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աւելի ու աւելի ամրապնդելու Լիբանանի կառավարութեան յանձնառութիւնը: